7 Օգոստոսի, 2021

ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԱՐԱՆԻՆ ԸՆԿԵՐԱՅԻՆ ԾԱՌԱՅՈՒԹԻՒՆԸ ԿԸ ՇԱՐՈՒՆԱԿՈՒԻ ՆՈՐ ԹԱՓՈՎ

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը կը շեշտէ, թէ «ընկերային ծառայութիւնը սոսկ եկեղեցւոյ գործունէութիւնը չէ, այլ անոր էութեան ու կոչումին անբաժանելի մասը կը կազմէ»: Այս համոզումէն մեկնած, Նորին Սրբութիւնը միշտ կը թելադրէ թեմերուն՝ ընկերային ծառայութիւնը նկատել թեմական աշխատանքներուն կենսական մասը: Յատկապէս համաճարակի ստեղծած պայմանները, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան թեմերը մղած են առաւել շեշտելու ընկերային ծառայութեան առանցքային կարեւորութիւնը:

 

Կաթողիկոսարանը, իր կարգին, հեռու լուսարձակներէ եւ բարձր պահելով մեր ժողովուրդի զաւակներուն արժանապատուութիւնը, կը շարունակէ իր ընկերային ծառայութիւնը՝ զանազան կերպերով օգտակար հանդիսանալով մեր կարիքաւոր ընտանիքներուն, ինչպէս նաեւ համայնքային ու թեմական կառոյցներուն, մանաւանդ Լիբանանի ու Սուրիոյ մէջ: Վերջին շրջանին այս աշխատանքներուն Կաթողիկոսարանին օգտակար հանդիսացած են Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւելեան ու Արեւմտեան թեմերը, նաեւ քանի մը անհատ բարերարներ՝ Զուիցերիայէն ու Մոնագոյէն: Այս առիթով Նորին Սրբութիւնը իր ջերմ գնահատանքը կը յայտնէ բոլոր անոնց, անհատ թէ կազմակերպութիւն, որոնք զանազան միջոցներով կը շարունակեն օգտակար ըլլալ տնտեսական տագնապի մէջ գտնուող մեր զաւակներուն ու կառոյցներուն, Արցախի, Լիբանանի, Սուրիոյ եւ այլ գաղութներուն մէջ:

More News