27 July, 2021

ՀԱՄԱԶԳԱՅԻՆԻ ԳԵՂԱՐՈՒԵՍՏԻ ԴՊՐՈՑՆԵՐՈՒ ԱՄԱՌՆԱՅԻՆ ԾՐԱԳԻՐԻ ԱՇԱԿԵՐՏՆԵՐԸ ԱՅՑԵԼԵՑԻՆ ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԻՆ

Երկուշաբթի, 26 Յուլիս 2021-ին, Համազգայինի Գեղարուեստի Դպրոցներու հովանաւորութիւնը վայելող ամառնային ծրագիրի աշակերտները, թիւով 65, ընկերակցութեամբ ուսուցիչներուն, ուղղուեցան Պիքֆայայի Սուրբ Աստուածածին Վանք՝ այցելելու Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին եւ ստնալու անոր օրհնութիւնը:

 

Վեհափառ Հայրապետը ծանօթացաւ ամառնային ծրագիրի դպրոցի աշխատանքներուն, որմէ ետք աշակերտները մտերմիկ զրոյցով մը ծանօթացան Նորին Սրբութեան առօրեային եւ նախասիրութիւններուն:

 

Դպրոցի աշակերտութիւնը, բաժնուած «Կոմիտաս», «Լ. Շանթ» եւ «Թումանեան» խմբակներու, Վեհափառ Հայրապետին ներկայացուցին իրենց սորված երգերը, շարականները եւ ասմունքները: Իսկ Նայիրի Արնէլեան տուտուկով ներկայացուց «Կիլիկիա» երգը: Նորին Սրբութիւնը բարձր գնահատեց աշակերտներուն աշխատանքը եւ անոնց յիշատակի խաչեր նուիրեց:

 

Աւարտին, աշակերտները շրջագայեցան Ս. Աստուածածին Վանքէն ներս եւ այցելեցին Վանքի համանուն մատուռ եւ Նահատակաց յուշարձան:

More News