23 Հուլիսի, 2021

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻ ԳԱՀԱԿԱԼՈՒԹԵԱՆ 25-ԱՄԵԱԿԻՆ ՆՈՒԻՐՈՒԱԾ ՀԱՏՈՐՆԵՐՈՒ ԽՄԲԱԳՐԱԿԱՆ ԿԱԶՄԻ ԱՄՓՈՓԻՉ ՆԻՍՏ

Արամ Ա․ Վեհափառ Հայրապետի գահակալութեան 25-ամեակի նուիրուած հրատարակութեան խմբագրական կազմի ամփոփիչ նիստը տեղի ունեցաւ Ուրբաթ, 23 Յուլիս, 2021-ին, Պիքֆայայի Սուրբ Աստուածածին Վանքին մէջ։

 

Նիստին նախագահեց Վեհափառ Հայրապետը։ Կը մասնակցէին խմբագրական կազմի անդամներ՝ Գերշ. Տ. Վարուժան Արք․ Հերկէլեան, Գերշ. Տ. Շահան Արք․ Սարգիսեան, Արտեմիս Հացագործեան, Շահան Գանտահարեան եւ Վիգէն Աւագեան։

 

Ժողովը քննեց հատորներու բովանդակութեան նախագիծերը։ Առաջինը լոյս պիտի տեսնէ յոբելինական ձեւաչափով՝ 25-ամեայ երթը լուսանկարներով ներկայացուած եւ պետական-պաշտօնական անձնաւորութիւններու ողջունագիրները ներառնող․ իսկ երկրորդը պիտի յատկանշուի 25-ամեայ գործունէութեան հոլովոյթին կարեւորագոյն հանգրուանները լոյսին բերող տեղեկատուական եւ վերլուծական գրութիւններով ու վկայութիւններով:

 

Ժողովը յատուկ կերպով ընդգծեց ուղղագրական եւ կէտադրական միաձեւութիւնը կիրարկելու կարեւորութիւնը, նկատի ունենալով Արմեւմտահայերէնի մէջ այսօր գոյութիւն ունեցող բազմաձեւութեան օրինակները։

 

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան ժամանանակից պատմութեան եւ Արամ Ա․ Վեհափառ Հայրապետի գահակալական 25 տարիներու գործունէութիւնը արժեւորած են Հայաստանի եւ Արցախի հանրապետութիւններէն, Միացեալ նահանգներէն, Աւստրալիայէն, Գանատայէն, Եւրոպական եւ Միջին Արեւելեան երկիրներէ 43 պետական, կրօնական եւ հասարակական գործիչներ, մտաւորականներ, մասնագէտներ։ Անոնց վերլուծումները եւ Վեհափառ Հայրապետի ծառայական արգասիքի մասին կատարած գնահատականները համախմբուած են շուրջ 700 էջի մէջ:

 

Հատորներու հրատարակութիւնը նախատեսուած է տարեփակէն առաջ:

More News