20 July, 2021

ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԱՐԱՆԻ ՄԱՏԵՆԱԴԱՐԱՆԸ ՎԵՐԱՆՈՐՈԳՄԱՆ ՈՒ ՎԵՐԱԿԱԶՄԱԿԵՐՊՄԱՆ ԸՆԹԱՑՔԻ ՄԷՋ

1931-ին հաստատուած Կաթողիկոսարանի մատենադարանը Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին անմիջական հսկողութեամբ եւ մատենադարանապետ Գերշ. Տ. Շահան Արք. Սարգիսեանի գլխաւորութեամբ վերակազմակերպման ընթացքի մէջ է։ Այս աշխատանքին նիւթապէս կ՚օժանդակէ Կաթողիկոսարանի բարերարներէն մին։ Վեհափառ Հայրապետը յաճախակի կերպով կ՚այցելէ մատենադարան՝ մօտէն հսկելու այդտեղ կատարուող աշխատանքներուն։

 

Յայտնենք, որ յառաջիկայ ամսուան ընթացքին մատենադարանին բացումը տեղի պիտի ունենայ։

More News