13 July, 2021

ՆԱԽԱԳԱՀՈՒԹԵԱՄԲ ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԻՆ ՄԻԱԲԱՆԱԿԱՆ ՀԱՒԱՔ ՊԻՔՖԱՅԱՅԻ ՍՈՒՐԲ ԱՍՏՈՒԱԾԱԾԻՆ ՎԱՆՔԻՆ ՄԷՋ

Երկուշաբթի, 12 Յուլիս 2021-ի երեկոյեան, նախագահութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին, վանաբնակ միաբան հայրերու հաւաք տեղի ունեցաւ Պիքֆայայի Սուրբ Աստուածածին Վանքին մէջ:

 

Նորին Սրբութիւնը Հայրական սիրով ու օրհնութեամբ ողջունեց միաբան հայրերը՝ մաղթելով, որ ամրանյառաջիկայ ամիսները օրհնաբեր շրջան մը դառնայ մեր Ս. Աթոռին, միաբանութեան, մեր եկեղեցւոյ ուժողովուրդին համար: Վեհափառ Հայրապետը դարձեալ յիշեցուց, որ մեր Ս. Աթոռին միաբանութիւնը, վանաբնակ թէ թեմերու մէջ ծառայող, մէ՛կ ամբողջութիւն է՝ նո՛յն սկզբունքներով, արժէքներով ունպատակով գործող ու ծառայող: Մեր միաբանութեան հզօրութիւնը իր հաւատարմութիւնն է ու նուիրումը՝մեր Ս. Աթոռին, եկեղեցւոյ ու ժողովուրդին, շեշտեց Վեհափառ Հայրապետը: Ապա, ան ամփոփ կերպովմիաբան հայրերու ուշադրութեան յանձնեց հետեւեալ կէտերը.-

 

1) Մեր ժողովուրդը, Հայաստանի թէ Սփիւռքի գաղութներէն ներս, կը դիմագրաւէ լուրջ դժուարութիւններ ումարտահրաւէրներ: Հետեւաբար, այս կացութեան դիմաց մեր եկեղեցին իր հոգեւոր մշակներու ճամբովհարկ է որ ցուցաբերէ ժուժկալութիւն ու նախանձախնդրութիւն՝ աւելի ամրապնդելով իր ծառայականյանձնառութիւնը:

 

2) Լիբանանի տնտեսական տագնապին ստեղծած ծանր հետեւանքները հասած են մեր կառոյցներուն ուընտանիքներուն: Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը, յատկապէս անցնող երկու տարիներուընթացքին, զանազան առիթներով օգտակար հանդիսացած է մեր կառոյցներուն ու ընտանիքներուն եւպիտի շարունակէ իր ծառայութիւնը՝ յառաջիկայ շաբաթ 2000 կարիքաւոր ընտանիքներու, միաբանհայրերու առաջնորդութեամբ, իր աջակցութիւնը բերելով:

 

3) Ողջունելով համալսարանական ուսման մէջ գտնուող երկու միաբան հայրերու ներկայութիւնը՝Վեհափառ Հայրապետը յիշեցուց, թէ մեր միաբան հայրերուն բարձրագոյն ուսման առաքումը Մեզի համարկը շարունակէ մնալ առաջնահերթութիւն, միաժամանակ ընդգծելով, որ ուսումը պէտք է ծառայութեամբարժեւորել մեր եկեղեցւոյ ու ժողովուրդի կեանքէն ներս:

 

4) Խօսելով Դպրեվանքի մասին՝ Նորին Սրբութիւնը յայտնեց, որ նախկին տեսուչներէ բաղկացածյանձնախումբի մը ճամբով սկսած է Դպրեվանքի կրթական ծրագիրը, ուսուցչական կազմն ուժամանակացոյցը վերատեսութեան ենթարկել՝ նկատի ունենալով ներկայ պայմանները:

 

5) Հայրապետը ողջունեց միաբանական հաւաքին իրենց առաջին մասնակցութիւնը բերող հինգ նորընծայաբեղաները՝ հայր Եզեկիէլը, հայր Եսային, հայր Եզրասը, հայր Եղիան ու հայր Երեմիան, մաղթելով որիրենց նուիրումով ու աշխատանքով նոր թափ տան մեր միաբանութեան ծառայութեան:

 

6) Իր խօսքի աւարտին Վեհափառ Հայրապետը վանական նոր պաշտօններ յանձնեց միաբան հայրերուն, միաժամանակ կարգ մը միաբան հայրեր վերահաստատելով իրենց ներկայ պաշտօնին մէջ:

More News