5 Հուլիսի, 2021

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻՆ ԴԱՍԱԽՕՍՈՒԹԻՒՆԸ՝ ՏՐՈՒԱԾ ՎԱՏԻԿԱՆԻ ՄԷՋ ՊԱՊԻՆ ԵՒ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՀՈԳԵՒՈՐ ՊԵՏԵՐՈՒՆ ՄԻՋԵՒ ՏԵՂԻ ՈՒՆԵՑԱԾ ԺՈՂՈՎԻՆ

«ՇՈՒՏԱՓՈՅԹ ԿԱՌԱՎԱՐՈՒԹԵԱՆ ԿԱԶՄՈՒԹԻՒՆԸ ՆԵՐԿԱՅ ՎՏԱՆԳԱԼԻՑ ԿԱՑՈՒԹԻՒՆԸ ԴԷՊԻ ԲԱՐԵԼԱՒՈՒՄ ԱՌԱՋՆՈՐԴՈՂ ԱՌԱՋԻՆ ՔԱՅԼՆ Է»

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ

 

Հինգշաբթի, 1 Յուլիս 2021-ին Վատիկանի մէջ Ֆրանչիսկոս Պապին ներկայութեամբ եւ Լիբանանի քրիստոնեայ հոգեւոր պետերու մասնակցութեամբ տեղի ունեցած հանդիպման առաջին նիստին դասախօսութիւն տուաւ Վեհափառ Հայրապետը՝ ընդառաջելով Ֆրանչիսկոս Պապի փափաքին, «Լիբանանի Ընկերաքաղաքական Ներկայ Կացութիւնը Եւ Անկէ Դուրս Գալու Կարելիութիւնները» նիւթին շուրջ:

 

Իր խօսքին սկիզբը Արամ Ա. Կաթողիկոս ըսաւ. «Պիտի փորձեմ հետեւեալ երեք հարցերը հակիրճ կերպով ներկայացնել ձեզի.- Առաջին, Լիբանանը դիմագրաւող ներկայ ընկերաքաղաքական կացութիւնը՝ իր գլխաւոր երեսներով: Երկրորդ, յիշեալ տագնապալից կացութեան տուն տուող հիմնական պատճառները: Երրորդ, ներկայ կացութենէն դուրս գալու կարելիութիւնները»։

 

«Անոնք որոնք կ՚ապրին Լիբանանի մէջ եւ կամ մօտէն կը հետեւին Լիբանանի ներքին զարգացումներուն, հետեւեալ կերպով կը նկարագրեն զայն.- Լիբանանի պետական կառոյցները անդամահատուած վիճակ կը պարզեն. Լիբանանի իւրայատուկ ինքնութիւնն ու գոյակցութիւնը վտանգուած են. Լիբանանը կորստեան անդունդի եզրին կը գտնուի. Լիբանանի գոյութիւնը վտանգուած է եւ այլն: Այսօր փաստօրէն ժողովուրդի մեծամասնութիւնը կ՚ապրի աղքատութեան մէջ եւ կը գտնուի անորոշութեան դիմաց, իսկ երկիրը կառավարելու ու զայն դէպի զարգացում ու յառաջդիմութիւն առաջնորդելու կոչուած քաղաքական պատասխանատուները հեռուէն կը դիտեն ժողովուրդին ամէնօրեայ տառապանքը», ըսաւ Վեհափառ Հայրապետը։ Ակնարկելով Վատիկանի դերակատարութեան՝ ան յիշեցուց, թէ «Վատիկանը, Պապին գլխաւորութեամբ, միշտ եղած է Լիբանանի եւ անոր ժողովուրդին կողքին՝ յատկապէս տագնապալից օրերուն, եւ պաշտպանած Լիբանանի դատը միջազգային համայնքէն ներս: Վատիկանը Լիբանանը նկատած է ո՛չ միայն համայնքներու գոյակցութեան երկիր, այլ նաեւ, Յովհաննէս Պօղոս Բ. Սուրբ Պապին բնորոշումով, կրօններու համակեցութեան պատգամ՝ ուղղուած ողջ աշխարհին: Ջերմօրէն շնորհակալ ենք, որ անգամ մը եւս Լիբանանի ներկայ տագնապալից ժամանակներուն Սրբազան Պապը Լիբանանի ժողովուրդին զօրակից է», ըսաւ Հայրապետը։

 

Նորին Սրբութիւնը առաջարկեց, որ նման հաւաք մը կազմակերպուի այս անգամ քրիստոնեայ-իսլամ հոգեւոր պետերու միջեւ՝ շեշտելո, թէ «18 համայնքներէ բաղկացած Լիբանանը մէ՛կ ամբողջութիւն է, մէ՛կ երկիր է, մէ՛կ ժողովուրդ է: Անջատման գիծեր գոյութիւն չունին լիբանանցիներու միջեւ: Հետեւաբար, այսօր մենք եկած ենք խօսելու ողջ լիբանանցի ժողովուրդին տառապանքը, դժգոհութիւնը եւ սպասումը ձեզի հետ բաժնելու: Սակայն, իբրեւ քրիստոնեայ պետեր, բնականաբար, մենք առաջին հերթին պարտաւորութիւնը ունինք խօսելու մեր ժողովուրդին անունով»:

 

Խօսելով եկեղեցւոյ մշակներուն կոչումին մասին՝ Վեհափառ Հայրապետը ըսաւ. «Եկեղեցին Աստուծոյ ժողովուրդն է եւ այսօր, Առաքեալին բնորոշումով որպէս Քրիստոսի եկեղեցւոյ «դեսպանները», եկած ենք ժողովուրդը տագնապեցնող խնդիրները պարզելու ձեր եւ միջազգային համայնքին առջեւ: Խօսելու կարիքաւոր ընտանիքներու դժուարութիւններուն, անորոշ ապագայի դիմաց գտնուող երիտասարդներուն, փտածութեան եւ անարդարութեան դէմ բողոքող ցուցարարներուն, նիւթական պատճառով ուսումէ զրկուած պատանիներուն, առողջապահական կարելիութիւններէ զուրկ հիւանդներուն ու անգործութեան դատապարտուած մասնագէտներուն մասին: Խօսիլ եկեղեցւոյ անունով կը նշանակէ կեցուածք որդեգրել փտածութեան, անարդարութեան ու անպատասխանատուութեան դէմ եւ այն բոլոր կառոյցներուն, որոնք հեռու են պատասխանատուութենէ ու հաշուետուութենէ: Հոգեւորականի կոչումն է ո՛չ միայն դատապարտել անարդարութիւնը, այլ նաեւ դառնալ ջատագովը արդարութեան, համարատուութեան, թափանցիկութեան ու պատասխանատուութեան»:

 

Անդրադառնալով ներկայ կացութեան՝ Նորին Սրբութիւնը ըսաւ. «Շուրջ երկու տարիներէ ի վեր Լիբանանը կառավարութիւն չունի եւ պետական կառոյցները անդամալուծուած են: Փաստօրէն ժողովուրդը լքուած է իր վիճակին: Համայնքային, ընկերային, առողջապահական, կրթական, մշակութային կառոյցներն են, որոնք կը հասնին ժողովուրդի կարիքներուն: Երբեմնի Արեւելքի Զուիցերիան նկատուող Լիբանանը այսօր սկսած է վերածուիլ այնպիսի երկրի մը, ուր կենցաղային հիմնական կարիքները սկսած են պակսիլ. այսպէս՝ ելեկտրականութիւն, ջուր, քարիւղ, դեղորայք, ուտեստեղէն եւ այլն. դրամատուները բնական չեն գործեր. ժողովուրդին գումարներու ապագան անորոշ է, եւ կարելի է շարունակել թուումը նման երեւոյթներու, որոնք դարձած են առօրեայ տագնապ: Կարելի չէ հանդուրժել այս կացութեան. ժողովուրդին ընդվզումը արդար է»:

 

Խօսելով ներկայ կացութեան ստեղծման պատճառներուն մասին՝ Նորին Սրբութիւնը յիշեց, թէ «Լիբանանը, դժբախտաբար, իր դիմագրաւած տագնապներուն ու դժուարութիւններուն մակերեսային եւ ժամանակաւոր լուծում կը փորձէ տալ՝ հեռու մնալով տագնապներուն ներքին թէ արտաքին պատճառներուն անդրադառնալու հաւաքական եւ հետեւողական ճիգէն: Այսպէս եղած է Լիբանանը իր անկախութենէն ի վեր եւ դարձած՝ ուրիշներու հարցերուն եւ շահերուն պարարտ հող»: Յիշեալ կացութիւններու յառաջացման գծով՝ Հայրապետը շեշտեց երկու հիմնական պատճառներ.- «Առաջին, Լիբանանի կրօնական ու մշակութային զանազանութիւնը ու բազմազանութիւնը, որ հարստութիւնն է ու իւրայատկութիւնը անոր, միաժամանակ դարձած է խոցելի ու դիւրաբեկ երեւոյթ մը, զոր օգտագործուած է ուրիշներու կողմէ: Երկրորդ, շրջանային լարուածութիւններն ու տագնապները յաճախ ներքին բեւեռացումներ յառաջացուցած են Լիբանանէն ներս՝ պատճառ դառնալով միասնականութեան տկարացման»: Իր խօսքը շարունակելով՝ Արամ Ա. Կաթողիկոս ըսաւ.- «Հարկ է ըլլալ իրապաշտ յատկապէս ներկայ համաշխարհայնացած աշխարհին մէջ: Լիբանանը կարելի չէ կղզիի վերածել. ան անբաժանելի մասն է Միջին Արեւելքին ու արաբական աշխարհին: Հետեւաբար, իր ունեցած փոխ-յարաբերութիւնն ու գործակցութիւնը այլ երկիրներու հետ, յաճախ իրենց դրական հետեւանքներուն կողքին կրնան նաեւ բացասական հետեւանքներ ունենալ Լիբանանէն ներս: Անհրաժեշտ է, որ քաղաքական ղեկավարները ըլլան նախանձախնդիր՝ Լիբանանի միասնականութեան պահպանման ու շահերու պաշտպանման նկատմամբ: Այս ձեւով միայն Լիբանանը կրնայ իր չէզոքութիւնը ամուր պահել»:

 

Իր դասախօսութիւնը շարունակելով՝ Վեհափառ Հայրապետը հարց տուաւ.- «Լիբանանը կարելիութիւնը ունի՞ ներկայ կացութենէն դուրս գալու: Այո՛, հաւաքական կամքով ու յանձնառութեամբ, համայնքապետերու ամբողջական զօրակցութեամբ եւ քաղաքական ղեկավարներու պատասխանատու վերաբերումով: Լիբանանը մարդկային, բարեկամական, յարաբերական ու տնտեսական, ներքին թէ արտաքին, լայն կարելիութիւններ ունի ինքզինք վերականգնելու, նոյնիսկ առանց ուրիշներու օժանդակութեան, երբ.- ա) հաւաքական շահերը գերադասուին համայնքային, անձնական ու կողմնակի շահերէ. բ) Լիբանանի պետութեան ու ժողովուրդին շահերը գերիվեր նկատուին ուրիշներու, նոյնի՛սկ բարեկամներու շահերէն: Ա՛յս է Լիբանանը դէպի զարգացում եւ անվտանգութիւն առաջնորդող միակ ապահով ճամբան: Հետեւաբար, Լիբանանը ինքզինքին վստահելու եւ իր ճիգով վերականգնելու կարելիութիւնները ունի՝ եթէ զանոնք ճի՛շդ կերպով օգտագործելու խոհեմութիւնը ու պատրաստակամութիւնը ունենայ», շեշտեց Վեհափառ Հայրապետը:

 

Ապա, ան հակիրճ կերպով անդրադարձաւ երկու հանգրուաններու, որոնք կրնան Լիբանանը դէպի վերականգնում առաջնորդել.- «Առաջին, նոր կառավարութեան կազմութիւնը պէտք է ըլլայ շուտափոյթ եւ անոր առաջնահերթ պարտաւորութիւնը պէտք է ըլլայ ընկերատնտեսական հարցերու քննարկումը եւ անհրաժեշտ միջոցներու որդեգրումը՝ պահանջուած բարեկարգութիւնները կատարելով, որպէսզի կարելի դառնայ մէկ կողմէն օգտակար ըլլալ ժողովուրդին դժուարութիւններուն եւ միւս կողմէ ապահովել միջազգային կազմակերպութիւններու անմիջական նեցուկը: Երկրորդ, թաէֆի քրիստոնեայ-իսլամ համահաւասարութեան վրայ հիմնուած համաձայնագիրը անհրաժեշտ է, որ ամբողջութեամբ գործադրուի: Այս ծիրէն ներս յատուկ ուշադրութիւն հարկ է դարձնել ծերակոյտի ստեղծման, պետական կառոյցներու ապակեդրոնացման, քաղաքապետութիւններու գործունէութեան եւ իրաւասութեան ընդարձակման եւ պետական հաստատութիւններու թափանցիկ ու հաշուետու աշխատանքին»:

 

Իր դասախօսութեան աւարտին, Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը դարձեալ շեշտեց Վատիկանի եւ Լիբանանի բարեկամ երկիրներու ամբողջական աջակցութիւնը, որպէսզի կարելի ըլլայ երկիրը դուրս բերել տակաւ խորացող ներկայ տագնապէն:

More News