2 Հուլիսի, 2021

ՎԱՏԻԿԱՆԻ ՄԷՋ ՏԵՂԻ ՈՒՆԵՑՈՂ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՀՈԳԵՒՈՐ ՊԵՏԵՐՈՒ ԺՈՂՈՎԸ ԱՒԱՐՏԵՑ ԻՐ ԱՇԽԱՏԱՆՔԸ

Հինգշաբթի, 1 Յուլիս 2021-ին, շարունակելով առաւօտեան սկսած իրենց աշխատանքը, Լիբանանի քրիստոնեայ հոգեւոր պետերը կէսօրէ ետք եւս ունեցան ժողովական աշխատանքները։

 

Նիստը յատկացուած էր եկեղեցիներու կողմէ կատարուող կրթական, մարդասիրական եւ առողջապահական բնագաւառներուն առնչուած ծրագիրներու։ Ներկաները շեշտեցին յիշեալ աշխատանքներուն նոր թափ տալու հրամայականը՝ յայտնելով, որ եկեղեցիներուն կողմէ կատարուող աշխատանքները աւելի կազմակերպուած կերպով կը կատարուին քան՝ պետական կառոյցներունը։ Միաժամանակ հոգեւոր պետերը յիշեցուցին, թէ յիշեալ աշխատանքները կը կատարուին առանց կրօնական կամ համայնքային խտրութեան։ Այս ծիրէն ներս ժողովը նաեւ իր սպասումը յայտնեց Վատիկանին՝ լայն օժանդակութիւն կատարելու համայնքներու հաստատութիւններուն, մասնաւորաբար Լիբանանը դիմագրաւող ներկայ տագնապալի օրերուն։

 

Որոշ պատճառներէ մեկնելով որոշուեցաւ, որ ժողովին կողմէ հրապարակային յայտարարութիւն չկատարել, նաեւ Վատիկանի կողմէ պաշտօնական հաղորդագրութիւն լոյս չընծայել, սակայն անհրաժեշտ նկատուեցաւ ճիգ մը կատարել որոշ եզրահանգումներ կատարելու։ Այս ուղղութեամբ Վեհափառ Հայրապետը խօսք առնելով իր պատկերացումը ներկայացուց հինգ կէտերու մէջ.-

 

1) Վերահաստատել մեր յանձնառութիւնը, վերանորոգ շեշտով շարունակել քրիստոնեայ-իսլամ գոյակցութիւնը հասարակաց արժէքներու վրայ հիմնուած՝ յարգելով համայնքներու փոխադարձ իւրայատկութիւնները ու իրաւունքները։

 

2) Շեշտել նոր կառավարութիւն ունենալու հրամայականը, որպէսզի ան ընկերային-տնտեսական հարցերու առաջնահերթութիւն կարենայ տալ՝ հոգալու ժողովուրդին աճող կարիքները։

 

3) Վերահաստատել «թաէֆ»ի համաձայնագիրին ամբողջական գործադրութիւնը, նկատի ունենալով յիշեալ համաձայնագիրին հիմքը կազմող քրիստոնեայ-իսլամ հաւասար համակեցութեան սկզբունքը։

 

4) Եկեղեցիներ նոր թափ տալու կոչուած են իրենց ծառայութեան կրթական, ընկերային, մարդասիրական եւ առողջապահական մարզերէն ներս։

 

5) Վատիկանի ժողովին քննարկած նիւթերը եւ հաւաքական մօտեցումները անհրաժեշտ է, որ վերածուին գործընծացքի՝ ուղղուած Լիբանանի վերականգնումին։ Այս գործընթացքին մաս պէտք է կազմեն նաեւ իսլամ համայնքները, ինչպէս նաեւ քաղաքացիական հասարակութեան ներկայացուցիչները։ Վատիկանը, իր կարգին, կոչուած է կարեւոր դեր ունենալ յիշեալ գործընթացքին ուղղութեամբ՝ միջազգային համայնքէն ներս իր ունեցած բարոյական հեղինակութեամբ։

 

Վերոյիշեալ կէտերուն մէջ ամփոփուած Վեհափառ Հայրապետին պատկերացումը գնահատանքով ընդունուեցաւ ժողովին կողմէ։

 

Հանդիպման աւարտին, Ֆրանչիսկոս Պապը իր խոր գոհունակութիւնը յայտնեց ժողովին կողմէ կատարուած աշխատանքներուն եւ խոստացաւ Լիբանան այցելել նոր կառավարութիւն կազմուելէն անմիջապէս ետք։

 

Նոյն օրը երեկոյեան, Վատիկանի Սուրբ Պետրոս Մայր Տաճարին մէջ տեղի ունեցաւ միջ-եկեղեցական արարողութիւն՝ նուիրուած Լիբանանին, ներկայութեամբ դեսպաններու, պետական պատասխանատուներու եւ հաւատացեալներու հոծ բազմութեան։

 

Արարողութեան ընթացքին գործածուեցան իտալերէն, հայերէն, անգլերէն, ֆրանսերէն եւ ասորերէն լեզուները։ Արարողութիւնը իր աւարտին հասաւ Ֆրանչիսկոս Պապին պատգամով։ Սրբազան Քահանայապետը իր պատգամին ճամբով շեշտեց նոր կառավարութեան կազմութեան, Լիբանանի ներքին միասնականութեան ամրապնդման եւ երկիրը շրջանի հարցերէն հեռու պահելու անհրաժեշտութիւնը։ Յատկանշական էր պատգամին մէջ Պապին կատարած երկու մէջբերումները՝ մէկը Լիբանանի հանրածանօթ փիլիսոփայ Խալիլ Ժըպրանէն, իսկ միւսը՝ Ս. Գրիգոր Նարեկացիէն։

More News