26 June, 2021

ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԵԱՆ ՀՈՎԱՆԱՒՈՐՈՒԹԵԱՄԲ ՏԷՐ ԵՒ ՏԻԿԻՆ ԱԼԵՔՔՕ ԵՒ ԱՆԻ ՊԷԶԻՔԵԱՆ ՊԻՏԻ ՀՈԳԱՆ ԿԱՐԻՔԱՒՈՐ ՀԱՅՈՐԴԻՆԵՐՈՒ ՀԻՒԱՆԴԱՆՈՑԱՅԻՆ ԵՒ ԱԽՏԱՃԱՆԱՉՄԱՆ ՔՆՆՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ԾԱԽՍԵՐԸ

Լիբանանէն ներս ստեղծուած ընկերա-տնտեսական դժուար պայմաններու լոյսին տակ եւ մեր հայորդիներուն առողջապահական կարիքներուն օգտակար ըլլալու նախանձախնդրութենէն մղուած, Տէր եւ Տիկին Ալեքքօ եւ Անի Պէզիքեան, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին հետ խորհրդակցաբար ու Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան հովանիին տակ, պիտի հոգան լիբանանահայ կարիքաւոր ազգայիններու հիւանդանոցային ու ախտաճանաչման քննութիւններու առնչուած ծախսերը:

 

Հարկ է նկատի ունենալ հետեւեալ կէտերը.-

 

ա) Յիշեալ աշխատանքը պիտի կատարուի յատուկ յանձնախումբի մը կողմէ, որուն մաս կը կազմեն Հոգշ. Տ. Զարեհ Վրդ. Սարգիսեան, տիար Յակոբ Լատոյեան եւ տիկին Սիլվա Սողոմոնեան:

 

բ) Պարագաները կրնան դիմել ԱՖՀԻԼ-ի գրասենեակը, Պուրճ Համուտի մէջ, Արին շէնք, 3-րդ յարկ, ամէն օր առաւօտեան ժամը 09:00-էն սկսեալ մինչեւ 13:00:

 

գ) Հարկ է, որ գրասենեակ դիմող պարագաները հիւանդանոցային կամ ախտաճանաչման քննութիւններու առնչուած հարցերու գծով անհրաժեշտ թուղթերը եւ տեղեկութիւնները ներկայացնեն:

 

դ) Կարիքները պիտի հոգացուին մասնակի կամ ամբողջութեամբ՝ համաձայն տուեալ պարագային:

 

ե) Յիշեալ ծրագիրը պիտի սկսի գործել 1 Յուլիս 2021-էն մինչեւ 1 Հոկտեմբեր 2021։ Նշեալ ժամանակաշրջանի աւարտին կատարուած աշխատանքին արժեւորումը պիտի կատարուի եւ համապատասխան որոշում պիտի առնուի ծրագրին առաջնահերթութիւններուն ու շարունակութեան գծով:

 

Անցնող երկու տարիներու ընթացքին Տէր եւ Տիկին Ալեքքօ եւ Անի Պէզիքեան զանազան կերպերով օգտակար հանդիսացան լիբանանահայ կարիքաւոր ընտանիքներուն: Վեհափառ Հայրապետը անգամ մը եւս բարձրօրէն կը գնահատէ եւ Հայրապետական օրհնութեամբ կ՚ողջունէ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան հաւատարիմ բարերարներէն ազգային բարերար Տէր եւ Տիկին Ալեքքօ եւ Անի Պէզիքեանի ազգանուէր ու հոգածու վերաբերումը, յատկապէս լիբանանահայութեան նկատմամբ: