25 June, 2021

ԱՄԵՐԻԿԱՅԻ ՄԻԱՑԵԱԼ ՆԱՀԱՆԳՆԵՐՈՒ ՆԱԽԱԳԱՀ ՃՕ ՊԱՅՏԸՆԻ ԿՐՕՆԱԿԱՆ ԱԶԱՏՈՒԹԵԱՆ ԽՈՐՀՐԴԱԿԱՆԸ ԱՅՑԵԼԵՑ ԱՆԹԻԼԻԱՍ

Չորեքշաբթի, 23 Յունիս 2021-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը ընդունեց այցելութիւնը Սպիտակ Տան միջազգային կրօնական ազատութեան յանձնաժողովի ներկայացուցիչ եւ նախագահ Ճօ Պայտընի խորհրդական Նատին Մէնզան: Հանդիպումը առիթ հանդիսացաւ քննարկելու կրօնական ազատութեան, մարդկային իրաւանց եւ ընդհանրապէս շրջանէն ներս Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու արտաքին քաղաքականութեան առնչուած հարցեր: Նորին Սրբութիւնը յիշեալ հարցերուն գծով, իր ունեցած երկար տարիներու փորձառութեան լոյսին տակ, իր պատկերացումներն ու մօտեցումները փոխանցեց այցելուին: Ան անդրադարձաւ նաեւ Հայաստան-Ազրպէյճան յարաբերութեան ու Լիբանանի ներկայ կացութեան:

 

Հանդիպումէն ետք, Նատին Մէնզա այցելեց Սրբոց Նահատակաց մատուռ, ապա «Թռչնոց Բոյն»ի մէջ հաստատուած Հայոց Ցեղասպանութեան Որբերու «Արամ Պէզիքեան» թանգարան:

More News