19 June, 2021

ԱԲԵՂԱՅԱԿԱՆ ՁԵՌՆԱԴՐՈՒԹԵԱՆ ԵՒ ՕԾՄԱՆ ԿՈՉՄԱՆ ԱՐԱՐՈՂՈՒԹԻՒՆ ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԱՅՐԱՎԱՆՔԻՆ ՄԷՋ

Շաբաթ, 19 Յունիս 2021-ի երեկոյեան, նախագահութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին, Արաբական Միացեալ Էմիրութեանց եւ Քաթարի հայոց թեմի առաջնորդ Գերշ. Տ. Մեսրոպ Եպս. Սարգիսեանի ձեռամբ եւ Դպրեվանքի տեսուչ Հոգշ. Տ. Պարոյր Վրդ. Շէրնէզեանի խարտաւիլակութեամբ, Անթիլիասի Մայրավանքի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարին մէջ կատարուեցաւ Դպրեվանքի աւարտական դասարանի հինգ ընծայեալ սարկաւագներու՝ Ժան Սէլլումեանի, Կարապետ Էօրտէքեանի, Գէորգ Թէնէքէճեանի, Հենրիկ Մալխասեանի եւ Աբրահամ Տէկիրմէնճեանի կոչման արարողութիւնը։

 

Արարողութեան ընթացքին ընծայեալները Մայր Տաճարի մուտքէն ծնկաչոք ուղղուեցան դաս, ուր կատարեցին հաւատքի խոստովանութիւն, նզովեցին բոլոր հերետիկոսները, հաստատեցին հայ եկեղեցւոյ ուղղափառ դաւանանքին եւ սրբազան հայրապետներու հաստատած կանոններու նկատմամբ իրենց հաւատարմութիւնը եւ վերջապէս՝ Ս. Խորանին դիմաց ծունկի եկած, Վեհափառ Հայրապետին, միաբան հայրերուն, ձեռնադրիչ սրբազանին եւ ժողովուրդին առջեւ հրապարակաւ ընթերցեցին Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Ս. Աթոռին զինուորագրութեան ու հաւատարմութեան իրենց ուխտագիրները:

More News