5 June, 2021

ՊԷՅՐՈՒԹԻ ՆԱՀԱՆԳԱՊԵՏԸ ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԻՆ ՄՕՏ

Ուրբաթ, 4 Յունիս 2021-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին այցելեց Պէյրութի նահանգապետ Դատաւոր Մարուան Ապպուտ, ընկերակցութեամբ Պէյրութի քաղաքապետութեան խորհուրդի անդամ Արամ Մալեանի:

 

Նահանգապետը Վեհափառ Հայրապետին պարզեց Պէյրութի զարգացման իր ծրագիրներն ու պատկերացումները եւ շեշտեց քաղաքի հայ համայնքին կարեւոր դերը, ինչպէս անցեալին նաեւ այսօր:

 

Հանդիպումէն ետք, նահանգապետ Ապպուտ այցելեց Կաթողիկոսարանի զանազան բաժանմունքները եւ մօտէն տեղեակ դարձաւ կատարուող աշխատանքներուն:

More News