3 Հունիսի, 2021

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄՆԵՐԸ

Անցնող օրերու ընթացքին, Պիքֆայայի Սուրբ Աստուածածին Վանքին մէջ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին այլ այցելութիւններու շարքին՝ հետեւեալ  պատասխանատու հոգեւորականներն ու ազգայինները այցելեցին.-

 

ա) Ատրպատականի Հայոց Թեմի առաջնորդ Գերշ. Տ. Գրիգոր Արք. Չիֆթճեան: Առաջնորդ սրբազանը զեկուցեց Վեհափառ Հայրապետին թեմին գործունէութեան ու դիմագրաւած մարտահրաւէրներուն մասին։

 

բ) Քուէյթի եւ Շրջակայից Թեմի Կաթողիկոսական Փոխանորդ Հոգշ. Տ. Պետրոս Վրդ. Մանուէլեան, ընկերակցութեամբ Քուէյթի ազգայիններէն Ռուբէն Աւշարեանին: Հայր սուրբը թեմի աշխատանքներուն մասին զեկոյց մը տուաւ Նորին Սրբութեան:

 

գ) Ճէզիրէի Հայոց Առաջնորդական Փոխանորդ Հոգշ. Տ. Լեւոն Վրդ. Եղիայեան: Հայր սուրբը տեղեակ պահեց Վեհափառ Հայրապետը շրջանին ընդհանուր կացութեան եւ յատկապէս Գամիշլիի եւ շրջակայից հայ համայնքներու կարիքներուն մասին:

 

դ) Նորին Սրբութիւնը յատուկ նամակ մը յղեց Սուրիոյ նորընտիր նախագահ Պաշշար Ալ Ասատին՝ շնորհաւորելով իր վերընտրութիւնը, միաժամանակ իր ջերմ շնորհակալութիւնը յայտնելով Սուրիոյ հայութեան նկատմամբ իր ցուցաբերած հոգածութեան համար:

 

ե) Հայ Կաթողիկէ համայնքէն Հալէպի Հայ Կաթողիկէ համայնքի առաջնորդ եւ Պատրիարքական Տեղապահ Գերապայծառ Տ. Պետրոս Արք. Միրիաթեան եւ Պատրիարքական Փոխանորդ Գերապայծառ Տ. Գէորգ Եպս. Ասատուրեան: Անոնք Վեհափառ Հայրապետին շնորհակալութիւն յայտնեցին, որ անձամբ ներկայ գտնուած էր Երջանկայիշատակ Հոգեւոր Տիրոջ թաղման արարողութեան:

More News