1 May, 2021

ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԸ ՃԱՇԻ ՀԻՒՐԸ ԵՂԱՒ ՄԱՐՈՆԻԹ ՊԱՏՐԻԱՐՔԻՆ

Հրաւէրով մարոնիթ եկեղեցւոյ պետ Ռայի պատրիարքին, Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը այսօր՝ Շաբաթ, 1 Մայիս 2021-ին, այցելեց Պքէրքէ, ուր ճաշի հիւրը եղաւ պատրիարքին։ Ճաշին ներկայ էին նաեւ Լիբանանի թեմի առաջնորդ Շահէ Արք. Փանոսեանն ու պատրիարքական փոխանորդ Արքեպիսկոպոս Փոլ Սայեահը։

 

Պատրիարքին եւ Վեհափառ Հայրապետին միջեւ տեղի ունեցած զրոյցին մէջ առաջնահերթ տեղ գրաւեց Լիբանանի ներկայ կացութիւնը, յատկապէս նոր կառավարութիւն կազմելու հարցը, ինչպէս նաեւ Նորին Սրբութեան Վատիկանի կատարած առաջարկը՝ քրիստոնեայ հոգեւոր պետերու հանդիպումի մը կազմակերպումը։

 

More News