29 April, 2021

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՓԱՂԱՆԳԱՒՈՐ ԿՈՒՍԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ՊԱՏՈՒԻՐԱԿՈՒԹԻՒՆԸ

Գլխաւորութեամբ Լիբանանի Փաղանգաւոր կուսակցութեան նախագահ Սամի Ժըմայէլին, տասը անձերէ բաղկացած պատուիրակութիւն մը Հինգշաբթի, 29 Ապրիլ 2021-ին, այցելեց Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին: Շուրջ ժամ մը տեւած հանդիպման ներկայ էր նաեւ Հայկական Երեսփոխանական Պլոքի ներկայացուցիչ երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի:

 

Սամի Ժըմայէլ յանուն Լիբանանի Փաղանգաւոր կուսակցութեան, իր զօրակցութիւնը յայտնեց Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախագահին կողմէ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման գծով: Հանդիպումը առիթ հանդիսացաւ անդրադարձ կատարելու Լիբանանը դիմագրաւող մարտահրաւէրներուն, ինչպէս նաեւ Թուրքիոյ ժխտական դերակատարութեան արաբական աշխարհէն ներս:

 

Հանդիպումէն ետք պատուիրակութեան անդամները ուղղուեցան դէպի Նահատակաց յուշարձան-մատուռ, ուր իրենց յարգանքը մատուցին սրբացեալ նահատակներուն, ապա այցելեցին «Կիլիկիա» թանգարան:

More News