19 Ապրիլի, 2021

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՆՈՐՎԵԿԻՈՅ ԴԵՍՊԱՆԸ

Օրեր առաջ, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին այցելեց Լիբանանի մէջ Նորվեկիոյ դեսպան Մարդեն Իթերվիքը, ընկերակցութեամբ դեսպանատան քաղաքական հարցերու պատասխանատուին:

 

Այցելութիւնը առիթ հանդիսացաւ նախ անդրադարձ կատարելու Լիբանանը յուզող այժմէական հարցերուն, նոր կառավարութեան կազմութեան հարցէն սկսեալ մինչեւ տնտեսական տագնապը, եւ ապա հայ ու Նորվեկիոյ ժողովուրդներու պատմական կապերուն: Այս ծիրէն ներս Վեհափառ Հայրապետը յիշեց նորվեկիացի Ֆրիտճոֆ Նենսընի սերտ կապերը հայ ժողովուրդին հետ եւ իր հրատարակութիւններուն ճամբով իր զօրակցութիւնը հայ ժողովուրդի արդար դատին: Նորին Սրբութիւնը նաեւ յիշեց իր այցելութիւնը Նորվեկիոյ Լուտերական եկեղեցւոյ եւ իր տուած դասախօսութիւնները Լուտերական սինոտին ու Նոպելեան մրցանակի կեդրոնատեղիին մէջ:

 

Յայտնենք, որ յառաջիկայ շաբաթ Նորվեկիոյ բարեսիրական հաստատութիւններու ներկայացուցիչներ պիտի այցելեն Վեհափառ Հայրապետին:

More News