13 Ապրիլի, 2021

ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԵԱՆ ՍԻՍԻ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԱՐԱՆԻ ՎԵՐԱԴԱՐՁԻ ԴԱՏԸ ԹՈՒՐՔԻՈՅ ԴԷՄ ԿԸ ՇԱՐՈՒՆԱԿՈՒԻ

Ինչպէս ծանօթ է մեր ժողովուրդին, 2015 թուականին՝ հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը դատական հայց ներկայացուցած էր Թուրքիոյ դէմ՝ պահանջելով Սիսի պատմական Կաթողիկոսարանի վերադարձը իր իրաւատիրոջ՝ Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան։

 

Սիսի Կաթողիկոսարանի դատական հայցը, որպէս շարունակութի՛ւն Եւրոպայի Մարդկային Իրաւանց Դատարանին մօտ սկսուած իրաւական գործընթացին, 30 Յուլիս 2019-ին ներկայացուեցաւ Գոզանի (Սիս) Նախադատ Ատեանին։

 

Թագաժահրին պարտադրած ստիպողական պայմաններուն բերումով, կրկնակի յետաձգումէ ետք, դատական ունկնդրութեան առաջին նիստը տեղի ունեցաւ 30 Մարտ 2021-ին։ Յառաջիկայ նիստին թուականը տակաւին չէ ճշդուած՝ նոյն պատճառով։ Կաթողիկոսարանի իրաւական յանձնախումբը, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին գլխաւորութեամբ, մօտէն կը հետեւի դատական զարգացումներուն։

More News