6 Ապրիլի, 2021

ՆՈՐ ԳԻՐՔ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻՆ ԳՐԻՉԷՆ TURNING TO GOD (ԴԱՐՁ ԱՌ ԱՍՏՈՒԱԾ)

200 էջերէ բաղկացած Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին անգլերէնով գրուած այս գիրքը օրագրութիւն է 2020 թուականի Մարտ ու Ապրիլ ամիսներուն, երբ համաճարակը նոր սկսած էր:

 

Գիրքը կը շօշափէ զանազան բնոյթի նիւթեր՝ կրօնական, ընկերային, միջ-եկեղեցական, կենսոլորտային, նաեւ քաղաքական, որոնք ուղղակի կամ անուղղակի կերպով աղերս ունին համաճարակի ստեղծած կացութեան եւ ընկերութեան դիմագրաւած տագնապներուն հետ:

More News