31 Մարտի, 2021

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ԻՐԱՆԻ ՄԻՋ-ԿՐՕՆԱԿԱՆ ՅԱՐԱԲԵՐՈՒԹԵԱՆՑ ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ՔԱՐՏՈՒՂԱՐԸ

Չորեքշաբթի, 31 Մարտ 2021-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետ ընդունեց Իրանի Իսլամական Հանրապետութենէն ժամանած պատուիրակութիւն մը, գլխաւորութեամբ միջ-կրօնական երկխօսութեան ու գործակցութեան ընդհանուր քարտուղար Շէյխ Համիտ Շահրիարին:

 

Շէյխ Շահրիար բարձր գնահատանքով անդրադարձաւ իրանահայութեան եւ երկու ժողովուրդներուն միջեւ դարաւոր գործակցութեան: Ան նաեւ խօսեցաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան եւ Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան մշակոյթի ու երկխօսութեան կեդրոնին միջեւ շարունակուող երկխօսութեան կարեւորութեան մասին: Միաժամանակ, յարգելի հիւրը ընդգծեց Վեհափառ Հայրապետին ու Կաթողիկոսութեան իւրայատուկ դերը միջ-կրօնական գործակցութիւն ու փոխադարձ հասկացողութիւն յառաջացնելու այնքան հրամայական աշխատանքներուն մէջ:

 

Իր կարգին, Վեհափառ Հայրապետը ողջունելով Շէյխ Շահրիարի այցելութիւնը, յիշեց Իրան կատարած իր այցելութիւնները ու հանդիպումները կրօնական ու պետական պատասխանատուներուն հետ: Նորին Սրբութիւնը ըսաւ, որ Իրանի հայ համայնքը իր հոգեւոր առաջնորդներու, պետական երեսփոխաններու եւ մշակութային, կրթական ու բարեսիրական կառոյցներու ճամբով իր գործօն մասնակցութիւնը կը բերէ Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան զարգացման: Հայրապետը նաեւ շեշտեց կրօններու կարեւոր դերը ժողովուրդներու, մշակոյթներու եւ պետութիւններու միջեւ համակեցութիւն, արդարութիւն ու խաղաղութիւն հաստատելու գծով:

 

Հանդիպման ընթացքին նաեւ անդրադարձ կատարուեցաւ Լիբանանի այժմու կացութեան եւ այդ ծիրէն ներս Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան կարեւոր դերին՝ երկիրը դիմագրաւող տագնապներու լուծման ուղղութեամբ:

More News