28 Մարտի, 2021

ԱՆԹԻԼԱՍԻ ՄԱՅՐԱՎԱՆՔԻՆ ՄԷՋ ՏԵՂԻ ՈՒՆԵՑԱՒ ԴՌՆԲԱՑԷՔԻ ԱՐԱՐՈՂՈՒԹԻՒՆԸ

Կիրակի, 28 Մարտ 2021-ին երեկոյեան, նախագահութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին, տեղի ունեցաւ Դռնբացէքի հոգեպարար ու խորհրդալից արարողութիւնը։

 

Արարողութեան աւարտին, Գերշ. Տ. Մակար Եպս. Աշգարեան իր քարոզին մէջ լուսարձակի տակ առաւ Դռնբացէքի խորհուրդը՝ Քրիստոսի երկրորդ գալուստի եւ վերջին դատաստանի։ Ան հաւատացեալներուն ուշադրութեան հրաւիրեց, թէ հոգիի փրկութիւն գտնելու եւ արդարութեան ճամբէն քալելով երկնաւոր Հօր հասնելու համար հարկ է որ սրբուինք, մաքրուինք եւ արդարանանք։ Եկեղեցին, իբրեւ իր զաւակներուն մայր, մտահոգ ըլլալով իր զաւակներուն փրկութեամբ, մեզ կը հրաւիրէ ինքնաճանաչողութեան, ըսաւ ան՝ հարց տալով, թէ արդեօ՞ք մարդկային ընկերութիւնը չի տառապիր կիրքերով եւ ցանկութիւններով լեցուն կեանքէն, ուր ներկայ է Աստուծոյ անհնազանդութիւնը։ Սրբազան հայրը ընդգծեց, որ եկեղեցին մեզ կը հրաւիրէ անդրադարձի, որպէսզի խոնարհութեամբ, անկեղծ ապաշխարհութեամբ, զղջումով եւ խոստովանութեամբ ընդունինք Աստուծոյ ներումը եւ Քրիստոսի փրկութիւնն ու արդարացումը։

 

Վերջապէս, սրբազանը յայտնեց, որ եկեղեցին ցոյց կու տայ մեզի ողորմութեան դուռը, որն է Յիսուս Քրիստոսը, հետեւաբար չանտեսենք զայն՝ այլ ընդառաջենք «Ես ինծի եկողը պիտի չմերժեմ» (Յհ 6.37) խոստումին։

More News