10 Մարտի, 2021

«ԱՍՏՈՒԱԾ ՄԱՐԴՈՒՆ ՀԵՏ ԵՂԱՒ, ՈՐՊԷՍԶԻ ՄԱՐԴԸ ԱՍՏՈՒԾՈՅ ՀԵՏ ԸԼԼԱՅ» Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ

Սոյն գրութիւնը խտացումն է Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին Միջինքի պատգամին, Անթիլիասի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարին մէջ արտասանուած, Չորեքշաբթի 10 Մարտ 2021-ին։

 

**********

 

Քրիստոնէական կրօնին իմաստը ու նպատակը, իւրայատկութիւնը ու պատգամը կարելի է խտացնել վերոնշեալ հաստատումին մէջ։ Ինչպէ՞ս եւ ինչո՞ւ Աստուած մարդուն հետ եղաւ։ Քրիստոնէական հաւատքին աղբիւրը Աստուծոյ յայտնութիւնն է։ Քրիստոնէական կրօնի ճշմարտութիւններն ու արժէքները, ուսուցումներն ու սկզբունքները խարսխուած են Աստուածային յայտնութեան վրայ։ Աստուծոյ յայտնութիւնը ներառուած է եկեղեցւոյ Աւանդութեան եւ Աստուածաշունչին մէջ։ Աստուածաշունչին մէջ Աստուծոյ յայտնութիւնը նկարագրող դէպքերն ու գործերը յստակօրէն կը պարզեն, որ պատմութեան ընթացքին Աստուած զանազան կերպերով ինքզինք յայտնած է։

 

Քրիստոնէական ըմբռնումով, յայտնութիւնը Աստուածայայտնութիւն է, յայտնողը ու յայտնուողը Աստուած է. այլ խօսքով, յայտնութիւնը Աստուծոյ մասին տեղեկութիւն չէ, անոր բովանդակութիւնը Աստուած ինքն է՝ իր անձն ու գործը։ Սա քրիստոնէական կրօնին յատուկ եզակի երեւոյթ մըն է։ Կարեւոր է շեշտել, թէ քրիստոնէական հայեցակէտով, Աստուած բնազանցական յղացք մը չէ, անճանաչելի գոյութիւն մը չէ, անտեսանելի ու անըմբռնելի էութիւն մը չէ։ Աստուած ինքզինք յայտնող, ինքզինք մարդուն ճանաչելի դարձնող գոյութիւն մըն է։ Մարդը չէ որ զԱստուած ճանչցաւ, այլ Աստուած իր յայտնութեան ճամբով մարդուն մօտեցաւ, եւ  անոր պարգեւած հաւատքին ու բանականութեան ճամբով կարելիութիւնը տուաւ զինք ճանչնալու։  Աստուածաշունչը Աստուծոյ մարդուն հետ ըլլալու պատմութիւնն է։

 

Կարեւոր է միաժամանակ ընդգծել, որ ժամանակին մէջ մտնելով հանդերձ, Աստուած միշտ վեր մնաց ժամանակէն, երկրին մօտենալով հանդերձ մնաց երկնային, ճանաչելի դառնալով հանդերձ մնաց անճանաչելի։ Աստուծոյ էութեան ու յայտնութեան այս երկու տարբեր, սակայն ոչ հակադիր, տարածքները տիրական շեշտով ներկայացուած են Գրիգոր Նարեկացիին մօտ։

 

Յովհաննէս Աւետարանիչ Աստուծոյ էութիւնը, գոյութիւնը ու յայտնութիւնը խտացնելով «Բան» բառին մէջ, կը հաստատէ՝ «Եւ Բանը մարդ եղաւ եւ մեր մէջ բնակեցաւ…» (1.14)։ Մատթէոս Աւետարանիչ խօսելով Աստուծոյ Որդւոյն ծնունդին մասին՝ կ’ըսէ.- «Ահա կոյսը պիտի յղանայ եւ որդի մը ծնի, եւ զայն պիտի կոչեն Էմմանուէլ, որ կը նշանակէ՝ Աստուած մեզի հետ» (1.23-24)։ Արդարեւ, Քրիստոս՝ մարդուն հետ Աստուծոյ ըլլալու շօշափելի ու տեսանելի արտայայտութիւնն  է։ Քրիստոսի մէջ Աստուած եւ մարդ միացան, աստուածային բնութեան կողմէ մարդկային բնութեան իւրացումով (բացի ադամական մեղքէն)։ Այլ խօսքով, Քրիստոսի մէջ աստուածային ու մարդկային բնութիւնները անքակտելի կերպով միացան պահելով իրենց իւրայատկութիւնները։

 

Քրիստոս Աստուծոյ էջքն է դէպի մարդ եւ մարդուն բարձրացումը՝ առ Աստուած։ Աթանաս Հայրապետին վերագրուած հետեւեալ խօսքը թէ՝ Աստուած մարդացաւ, որպէսզի մարդը աստուածանայ, յաճախ տարբեր բանաձեւումներով շեշտուած է եկեղեցւոյ հայրերուն կողմէ։ Ան քրիստոնէական կրօնին համաձայն մարդաբանութեան առանցքը կը կազմէ։ Հեռու Աստուծմէ մարդը կը կորսնցնէ իր գոյութեան իմաստը ու նպատակը։

 

Աստուծոյ էջքը երկիր մէկ նպատակ կը հետապնդէր՝ մարդուն վերամարդացումը, մարդուն մէջ աստուածային պատկերին վերականգնումով, մարդուն աստուածատուր կոչումին վերահաստատումով։ Քրիստոսի մարդեղութիւնը էապէս փրկագործական բնոյթ ունէր։ Այսպէ՛ս բնորոշեց Աստուծոյ Որդին իր մարդեղութեան նպատակը, Նազարէթ քաղաքին մէջ իր փրկագործական առաքելութեան սեմին (Ղկ 4.18)։ Եւ, ինչպէս Աւետարանները կը վկայեն, Աստուծոյ մարդեղացեալ Որդին իր հրաշքներուն եւ ուսուցումներուն ճամբով, եւ նոյնիսկ իր արիւնը թափելով մարդը Աստուծոյ մօտեցուց ու զայն Աստուծոյ որդեգիր զաւակը դարձուց (Ա.Կր 6.19-20)։

 

Արդ, Աստուած երկինքէն երկիր իջաւ, մարդ դարձաւ ու նոյնիսկ խաչուեցաւ մարդո՛ւն համար։ Մկրտութեամբ Քրիստոսի հետեւելու ուխտը կատարած մարդը կոչուած է Աստուծոյ հետ ըլլալու։ Սա կը նշանակէ Աստուծոյ ներկայութեամբ իր կեանքը շաղախելու, Աստուծոյ առաջնորդութեամբ իր կեանքը ուղղելու, Աստուծոյ թագաւորութեան արժէքներուն վկան հանդիսանալ, կարիքաւորին ու հիւանդին օգտակար դառնալու։ Քրիստոնէութիւնը կը մերժէ ինքնակեդրոն ու ինքնանպատակ կեանք։ Քրիստոնէութիւնը պիտակ չէ, սոսկ եկեղեցւոյ անդամակցութիւն չէ, այլ Աստուծոյ ներկայութիւնը կեանքով, գործով ու ծառայութեամբ թարգմանել է։ Յիշենք Քրիստոսի թելադրութիւնը իրեն մօտեցող երիտասարդին ծախէ ինչ որ ունիս եւ աղքատներուն տուր եւ հետեւէ ինծի։  (Մտ 19.21)։ Յիշենք նաեւ առաքեալին խօսքը, թէ «հաւատքը առանձինն՝ առանց գործերու մեռած է» (Յկ 2.17)։

 

Մեծ Պահքը առիթ մըն է Աստուծոյ հետ ըլլալու, Աստուծոյ ներկայութիւնը ապրելու։ Եթէ մեր կեանքի պայմանները մեզ հեռացուցած են Աստուծմէ, մօտենանք մեր Արարիչին։ Եթէ մեր անձին հաճոյքն ու փառքը հեռու պահած են զԱստուած մեր կեանքէն, մօտենանք մեզ սիրող ու պահպանող երկնաւոր հօր՝ Աստուծոյ։ Եթէ ընտրած ենք այնպիսի ճամբայ մը, որ մեզ կը հեռացնէ Աստուծմէ, դառնանք Աստուծոյ, որովհետեւ ա՛ն է մեր ճշմարիտ ճամբան։ Դառնանք Աստուծոյ մեր կեանքի տխուր թէ ուրախ պահերուն։ Աստուած մեզ կը սպասէ, ինչպէս սպասեց անառակ որդին ու գրկաբաց ընդունեց զինք։  Եթէ մենք Աստուծոյ հետ ենք, մեր կեանքէն հեռու պիտի մնան ամէն տեսակ չար ու չարիք։

 

ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ

ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ

 

Անթիլիաս, Լիբանան

10 Մարտ 2021

More News