28 Հունվարի, 2021

ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԱՐԱՆԸ 1000 ԿԱՐԻՔԱՒՈՐ ԸՆՏԱՆԻՔՆԵՐՈՒ ՆԻՒԹԱՊԷՍ ՕԺԱՆԴԱԿԵՑ

Այսօր հոգեկան գոհունակութեան օր մըն էր ինծի համար: Արդարեւ, Կաթողիկոսարանին կողմէ հերթաբար եւ յաճախ լուռ ու լուսարձակներէ հեռու կերպով կատարուող օժանդակութիւններու շարքին, այսօր կրցանք համայնքային կառոյցներու ճամբով 1000 կարիքաւոր ընտանիքներու նիւթական աջակցութիւն կատարել: Երկրէն ներս ստեղծուած տնտեսական ահաւոր դժուարութիւններուն դիմաց պիտի շարունակենք, կարելիութեան սահմաններէն ներս, մեր զաւակներու կարիքներուն առաւելագոյն չափով հասնիլ:

 

Ընկերային ծառայութիւնը եկեղեցւոյ առաջնահերթ պարտաւորութիւններէն մէկն է՝ հետեւելով մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի օրինակին: Եկեղեցին կոչուած է հաւատարիմ ըլլալ իր Քրիստոսատուր կոչումին:

 

Իմ բարձր գնահատանքս կ՚ուզեմ յայտնել այն բոլոր ազգայիններուն ու մարմիններուն, որոնք օգտակար կը հանդիսանան մեր ժողովուրդի կարիքներուն՝ Հայաստանի, Արցախի ու Լիբանանի մէջ եւ բոլոր գաղութներէն ներս:

 

Հայրաբար անգամ մը եւս կը յիշեցնեմ նիւթական կարելիութիւններով օժտուած ազգայիններուն.- Աստուծոյ կողմէ ձեզի պարգեւուած բարիքներէն բաժին հանեցէք մեր եկեղեցւոյ, մեր կառոյցներուն ու ընտանիքներուն:

 

Արամ Ա. Կաթողիկոս

More News