17 December, 2020

ԻՐԱՆԻ ՊԵՏՈՒԹԵԱՆ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԻՉԸ ԱՅՑԵԼԵՑ ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԱՅՐԱՎԱՆՔ

Հինգշաբթի, 17 Դեկտեմբեր 2020-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս ընդունեց Լիբանանի մօտ Իրանի դեսպանատան խորհրդական դոկտ. Ապպաս Խավիարը։ Այցելութեան գլխաւոր նպատակն էր Վեհափառ Հայրապետին փոխանցել Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան իսլամական մշակոյթի եւ միջկրօնական յարաբերութեանց բաժանմունքի տնօրէն դոկտ. Ապուզար Իպրահիմիի նամակը։

 

Յայտնենք, որ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան եւ Իրանի Հանրապետութեան միջեւ շուրջ քսան (20) տարիներէ ի վեր երկխօսութիւն գոյութիւն ունի կրօնքն ու ընկերութիւնը յուզող ընկերաբարոյական հարցերու շուրջ։ Համաճարակին պատճառով կը ծրագրուի առցանց հանդիպում մը կազմակերպել մօտ ապագային։

 

Հանդիպումը առիթ հանդիսացաւ անդրադարձ կատարելու Արցախի հարցին եւ Իրանի հայութեան։

More News