6 Դեկտեմբերի, 2020

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻ ՆԱԽԱԳԱՀՈՒԹԵԱՄԲ ՄԻԱԲԱՆԱԿԱՆ ՀՈԳԵՄՏԱՒՈՐ ՀԱՒԱՔ ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԱՅՐԱՎԱՆՔԻ ՄԷՋ

Շաբաթ, 5 Դեկտեմբեր 2020-ի երեկոյեան ժամը 5։30-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին ներկայութեամբ Անթիլիասի Մայրավանքի «Կիլիկիա» թանգարան սրահին մէջ միաբանական հոգեմտաւոր հաւաք մը տեղի ունեցաւ։ Նորին Սրբութիւնը նախապէս թելադրած էր, որ ընդհանրապէս ներկայ ընկերութիւնը յուզող եւ գիտական ու կրօնական շրջանակներէն ներս յաճախ արծարծուող հետեւեալ երկու հարցերու քննարկումը կատարուի՝ ա) ԿՐՕՆՔ ՈՒ ԳԻՏՈՒԹԻՒՆ եւ բ) ՀԱՒԱՏՔ ՈՒ ԿՐՕՆՔ։

 

Յիշեալ հարցերը ներկայացուցին վերջին տարիներուն Միացեալ Նահագներու, Գանատայի, Աւստրալիոյ եւ Զուիցերիոյ մէջ իրենց համալսարանական ուսումը ստացած հետեւեալ միաբանները՝ Հոգշ. Տ. Արտակ Վրդ. Արապեան, Հոգշ. Տ. Հրանդ Վրդ. Թահանեան, Հոգշ. Տ. Պօղոս Վրդ. Թինքճեան, Հոգշ. Տ. Պարոյր Վրդ. Շէրնէզեան եւ Հոգշ. Տ. Զարեհ Վրդ. Սարգիսեան։

 

Ներկայացման աւարտին, Վեհափառ Հայրապետը գնահատելով միաբան հայրերու հարցերուն մօտեցման ու քննարկման եղանակը՝ թերադրեց աւելի խորանալ, նկատի ունենալով անոնց զօրեղ ազդեցութիւնը անհատի թէ ընկերութեան կեանքին վրայ։ Նորին Սբրութիւնը յատկապէս շեշտեց, թէ գիտութեան ու կրօնքին միջեւ գոյութիւն ունեցաւ դարերու պայքար. անհրաժեշտ է զայն վերածել երկխօսութեան ի սպաս մարդկութեան զարգացման։ Անդրադառնալով հաւատքի կարեւորութեան ան ըսաւ, թէ կրօնքը հաւատքին արտայայտութեան ձեւ ու կառոյց տուողն է եւ հետեւաբար հարկ է զգոյշ ըլլալ խորքը չզոհելու ձեւին ու կառոյցին։

 

Միաբանական հաւաքին երկրորդ բաժինը յատկացուած էր համալսարանական ուսմանց։ Իր ունեցած երկար տարիներու փորձառութեանց լոյսին տակ, իբրեւ զանազան համալսարաններու ուսանող եւ դասախօս, Վեհափառ Հայրապետը լայնօրէն անդրադարձաւ եւրոպական եւ ամերիկեան համալսարանական ուսմանց ծրագիրներու, աստիճաններու, շեշտաւորումներու եւ այլ մարզերու տարբերութեանց։ Ան նաեւ պարզեց այն տուեալները, որոնք համալսարանի մը կարեւորութիւնը կը շեշտեն։ Հայրապետը գոհունակութեամբ հաստատեց, թէ ինք պիտի շարունակէ յատուկ կարեւորութիւն ընծայել միաբաններու բարձրագոյն ուսմանց։ Ան իր խօսքը եզրափակեց յիշեցնելով, որ անհրաժեշտ է ուսումը արժեւորել առաքելութեան ու ծառայութեան ճամբով։

 

Յայտնենք, որ ներկայիս 62 միաբաններէ բաղկացած միաբանութեան անդամներուն մեծամասնութիւնը համալսարանական ուսում ստացած է, իսկ նոր սերունդի միաբանները կը պատրաստուին համալսարանական ուսման։

More News