20 October, 2020

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻ ՎԿԱՅՈՒԹԻՒՆԸ ՀԱՆԳՈՒՑԵԱԼ ՀՐԱՅՐ ՍՈՂՈՄՈՆԵԱՆԻ ՄԱՍԻՆ

Ազնուական մարդու տիպար էր Հրայր Սողոմոնեանը՝ իր համեստ նկարագրով, իր անկեղծ մօտեցումով, իր յարգալից վերաբերումով։

 

«Բարի Սամարացի»ի տիպար էր Հրայրը՝ հեռու լուսարձակներէ բոլորին, անխտիր բոլորի՛ն օգնելու իր ազնուական ոգիով։ Իր կեանքի բառարանին մէջ «ոչ» բառը գոյութիւն չունէր։

 

Ամբողջական ու անմնացորդ նուիրումով ազգին ծառայող տիպար մըն էր Հրայրը՝ իր ստանձնած պաշտօնները բարձրագոյն աստիճանի պատասխանատուութեամբ ու հետեւողականութեամբ, բծախնդրութեամբ ու նախանձախնդրութեամբ կատարող։

 

Հայաստանի ու Արցախի հզօրացման ու ծաղկման գործնապէս մասնակցող հայրենանուէր տիպար մըն էր Հրայրը՝ յաճախ լուռ կերպով կատարած իր բազմաթիւ նուիրատուութիւններով ու բազմազան ներդրումներով։

 

Իր բարի ժպիտով ու արագ ընդառաջումով վեհանձն հայ մարդու տիպար էր Հրայրը՝ բոլորին օգտակար ըլլալու, խնդիրներ լուծելու, մտահոգութիւններ փարատելու, կարիքներ գոհացնելու եւ միշտ ծառայելու իր պատրաստակամութեամբ։

 

Այսպէ՛ս եղաւ ու մնաց Հրայրը, Հայաշէնի այս վառվռուն պատանին, իր կեանքով ու գործով, մինչեւ իր երկրաւոր կեանքին վերջին շունչը, իր կողքին ունենալով դպրոցի իր սիրելի ընկերուհին ու ապա իր կողակիցը՝ Մակին։

 

Ներկայ ժամանակներուն քիչ են, շա՜տ քիչ նման անձեր։ Հրայրը այդ քիչերէն մէկն էր։

 

Ափսո՜ս, կորսնցուցինք մարդկային ու ազգային արժէքներով շաղախուած ու արժանիքներով հարուստ մեր բոլորին շատ սիրելի Հրայրը։

 

Հանգիստ իր հոգւոյն՝ երկնային արքայութեան մէջ։

 

 

20 Հոկտեմբեր 2020

Անթիլիաս, Լիբանան

More News