23 Օգոստոսի, 2013

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը ընդունեց Խորհրդարանի Նախագահին ներկայացուցիչները

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԸ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻ ՆԱԽԱԳԱՀԻՆ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԻՉՆԵՐԸ

 

Հինգշաբթի 22 Օգոստոս 2013-ին, Պիքֆայայի Վանքին մէջ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը ընդունեց այցելութիւնը Լիբանանի Խորհրդարանի Նախագահ՝ Նապիհ Պըրիի ներկայացուցիչները։ Հանդիպումին նրեկայ էր նաեւ, Լիբանանի Քրիստոնեայ-Իսլամ Տիալօկի յանձնախումբի Հայ համայնքի ներկայացուցիչ՝ Պրն. Ժան Սալմանեան։

 

Պատուիրակութեան այցելութեան նպատակն էր նախ Վեհափառ Հայրապետը հրաւիրել յառաջիկայ շաբաթ տեղի ունենալիք Մուսա Ալ Սատըրի յիշատկին տեղի ունենալիք հանդիսութեան, եւ երկրորդ, ընդհանուր քննարկում մը կատարելու Լիբանանի մէջ տիրող այժմու կացութեան։

 

Աւելի քան ժամ մը տեւող հանդիպումի ընթացքին, արծարծուեցան Լիբանանի ներքին կացութեան առնչուած քաղաքական, տնտեսական, ապահոովական եւ միջ-համայնքային հարցեր։ Այցելուները Նորին Սրբութեան պարզեցին թէ՛ Խորհրդարանի Նախագահին եւ թէ՛ վերջերս Հոգեւոր Պետերուն հետ իրենց ունեցած հանդիպումներու ընթացքին արծարծուած մտահոգութիւնները եւ մօտեցումները։

 

Վեհափառ Հայրապետը ողջունելով Խորհրդարանի Նախագահին հաւասարակշռուած մօտեցումները երկիրը յուզող հարցերուն նկատմամբ, նախ յիշեց Մուսա Ալ Սատըրին հետ ունեցած իր հանդիպումը, երբ որպէս երիտասապդ վարդապետ մասնակից կը դառնար Քրիստոնեայ-Իսլամ երկխօսութեան հանդիպումի մը Պրումանայի մէջ։ Ապա Նորին Սրբութիւնը յատուկ կարեւորութեամբ ընդգծեց հետեւեալ կէտերը.- 1) Հակառակ երկրին դիմագրաւած լուրջ դժուարութիւններուն ամէն ճիգ պէտք է թափել ապահովութիւնը ամրապնդելու իմաստով։ Այս գծով բանակին դերը կենսական է։ 2) Հեռու պէտք է մնալ շրջանէն ներս տեղի ունեցող տագնապներէն, որոնք կրնան լուրջ հետեւեանքներ ունենալ Լիբանանէն ներս։ 3) Քրիստոնեայ-իսլամ գոյակցութեան ամուր պահպանումը էական է, որպէս հիմքը Լիբանանի։ Հետեւաբար, երկխօսութիւնը Լիբանանի համայնքներուն ու քաղաքական կառոյցներուն միջեւ աւելի քան հրամայական է Միջին Արեւելքի այս ճակատագրական հանգրուանին։ Այս մարտահրաւէրներուն գծով լիբանանահայութիւնը միշտ կը մնայ յանձնառու, շեշտեց Վեհափառ Հայրապետը։

More News