16 August, 2020

Ս. ԱՍՏՈՒԱԾԱԾՆԱՅ ՎԵՐԱՓՈԽՄԱՆ ՏՕՆԸ ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԱՅՐԱՎԱՆՔԻՆ ՄԷՋ

Ընդհանրապէս պսակաձեւ ժահրին ստեղծած կացութենէն, յատկապէս Լիբանանի մէջ տիրող ապահովական իրավիճակէն եւ մանաւանդ մեր ժողովուրդի զաւակներուն առողջութեան նկատմամբ ունեցած նախանձախնդրութենէն մեկնելով, այս տարի Ս. Աստուածածնայ վերափոխման եւ Պիքֆայայի Ս. Աստուածածին Վանքի ուխտի օրուան զոյգ տօները դժբախտաբար տեղի չունեցան աւանդութիւն դարձած իրենց հանդիսաւոր տօնախմբութեամբ, ինչպէս՝ ուխտի շաբթուան նուիրուած քարոզախօսութիւններ եւ աղօթասացութիւններ, ուխտերթ, մատաղի պատրաստութիւն եւ Ս. Աստուածածին Վանքի բացօթեայ Ս. Խորանին վրայ մատուցուող Ս. եւ Անմահ Պատարագը։
 
 
Արդարեւ, Կիրակի, 16 Օգոստոս 2020-ին, հանդիսապետութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին, Անթիլիասի Մայրավանքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարին մէջ մատուցուեցաւ Ս. եւ Անմահ Պատարագ։ Պատարագիչն էր Մայր Տաճարի լուսարարպետ Գերշ. Տ. Մակար Եպս. Աշգարեան։
 
 
Պատարագիչ սրբազանը յաւուր պատշաճի քարոզեց՝ բնաբան ունենալով «Այսօր եկեղեցւոյ զաւակները եւս երկրի վրայ ուրախութեամբ կը տօնեն Ս. Կոյս Մարիամին վերին Երուսաղէմ քաղաքփոխադրուիլը» Ս. Աստուածամօր նուիրուած շարականին հատուածը։ Սրբազանը նշեց, որ վերափոխման տօնը յաւիտենական կեանքի Աստուածային խոստումին հաստատումն է, որ յոյս կը ներշնչէ եւ սրտերն ու հոգիները մխիթարութեամբ կը պատէ։ Ս. Կոյս Մարիամին մարմինով երկինք փոխադրութիւնը շօշափելիօրէն վաւերացումը դարձաւ մարմիններու յարութեան եւ փրկութեան գրաւականին, որ Քրիստոսի երկրորդ գալուստին տեղի պիտի ունենայ։ Խօսելով Աստուածամօր յատկութիւններուն մասին՝ Սրբազանը ընդգծեց հաւատքով եւ վստահութեամբ Աստուծոյ խոստումին կառչելու հաւատքը, որուն համար Ս. Կոյսը արժանի դարձաւ Աստուածային խոստումին կատարումին։ Հրաւիրելով հաւատացեալները հետեւելու եւ ընդօրինակելու Աստուածամօր նկարագիրը, սրբազան հայրը կեդրոնացաւ Աստուածածնի հանգամանքներէն երեքին։ Ան յայտնեց, որ Ս. Կոյսը կրեց եւ աշխարհին հայթայթեց քաղցրահամ Պտուղը, որմէ ճաշակելով մենք անմահացանք. ընդունեց կենսատու հացն ու մատակարարեց մեզի. եւ վերջապէս, բովանդակեց ու ճառագայթեց կեանքի Լոյսը։
 
 
Աւարտին, Սրբազանը աղօթք բարձրացուց եւ Աստուածամօր բարեխօսութիւնը հայցեց, որպէսզի իր օրինակով խոնարհինք Աստուծոյ առջեւ, փշրենք մեր «ես»-ը եւ յանձնուինք Աստուծոյ կամքին։
 
 
Յաւարտ Ս. եւ Անմահ Պատարագին, ձեռամբ Վեհափառ Հայրապետին, տեղի ունեցաւ խաղողօրհնէքի աւանդական արարողութիւնը, որ կը բովանդակէ արտին երախայրիքը Աստուծոյ ընծայման խորհուրդը։
 
 
Նշենք, որ Վեհափառ Հայրապետին փափաքով, այս տարի փոխան մատաղի պատրաստութեան, Ս. Աստուածածնի ուխտի օրուան առիթով կատարուած նուիրատուութիւնները ամբողջութեամբ պիտի փոխանցուին բարեսիրական հաստատութիւններու։

More News