24 Հուլիսի, 2020

«ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԻՆ ՕԺԱՆԴԱԿԵԼԸ ԱՅՍՕՐՈՒԱՆ ՀՐԱՄԱՅԱԿԱՆՆ Է» Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ

ԱՌՆՈՒԱԾ «ԱԶԴԱԿ» ՕՐԱԹԵՐԹԷՆ

 

ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Յակոբ Խաչերեան եւ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի կազմը երէկ այցելեցին Պիքֆայա` շնորհաւորական տեսակցութիւն ունենալու համար Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին հետ` իր գահակալութեան 25-ամեակին առիթով:

 

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի եւ Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ Յակոբ Բագրատունի ներկայացուց այցելութեան նպատակը, լրիւ կազմով ներկայանալու հանգամանքը եւ յանուն Լիբանանի Դաշնակցութեան շնորհաւորեց Հայրապետը իր գահակալութեան 25-ամեակին առիթով:

 

Յ. Բագրատունի վեր առաւ Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմի ամէնէն ծանր պայմաններուն մէջ Վեհափառ Հայրապետին այդ օրերուն իբրեւ առաջնորդ ծառայութեան նուիրուածութիւնը, խիզախութիւնն ու ժողովուրդի կարիքներուն հասնելու նախանձախնդրութիւնը: Ապա յատուկ կերպով անդրադարձաւ Հայրապետին 25-ամեայ բեղուն գործունէութեան` եկեղեցականէն հրատարակչական, միջազգայինէն համասփիւռքեան եւ համահայկական, եւ յատկապէս պահանջատիրական առումով Հայ Դատի համընդհանուր գործունէութեան մէջ իր բերած մեծ աւանդին:

 

Նորին Սրբութիւնը իր կարգին գնահատանքով անդրադարձաւ Դաշնակցութեան կառոյցներու բոլորանուէր աշխատանքին, ծառայութեան ոգիի տարբեր դրսեւորումներուն, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւն-Դաշնակցութիւն համագործակցութեան: Վեհափառ Հայրապետը շեշտը դրաւ նոյն ոգիով յատկապէս ներկայ դժուար պայմաններուն մէջ ժողովուրդի զանազան կարիքներուն հասնելու հրամայականին վրայ` շեշտելով Ազգային առաջնորդարանի, կուսակցութիւններու եւ միութենական կառոյցներու համակարգուած աշխատանք իրականացնելու կարեւորութիւնը: Ապա Հայրապետը գնահատեց տարբեր շրջաններու մէջ լիբանանահայութեան ի նպաստ տարբեր աշխատանքները, որոնք համահայկական զօրակցութեան բնոյթ ստացան: Ինչպէս նաեւ արժեւորեց նուիրատու այն անհատները, որոնք գիտակից ստեղծուած ճգնաժամային պայմաններուն` իրենց մասնակցութիւնը բերին օժանդակութեան աշխատանքներուն:

 

Հանդիպումը առիթ հանդիսացաւ նաեւ խորհրդակցելու լիբանանահայութեան առջեւ ծառացած խնդիրներուն եւ հետագայ աշխատանքները ծրագրելու մասին:

 

Այնուհետեւ Յակոբ Բագրատունի յանուն Կեդրոնական կոմիտէին 25-ամեակի առիթով յատուկ յուշանուէր մը յանձնեց Նորին Սրբութեան:

More News