22 July, 2020

«ԹՌՉՆՈՑ ԲՈՅՆ»Ի ԹՌՉՆԻԿՆԵՐԸ ԴՊՐԵՎԱՆՔԻՆ ՄԷՋ

Երկուշաբթի, 20 Յուլիս 2020-ին, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Դպրեվանքին մէջ հիւրընկալուեցան «Թռչնոց Բոյն»ի աշակերտները՝ իրենց տեսուչ Սրբազան հօր՝ Գերշ. Տ. Մեղրիկ Եպս. Բարիքեանի գլխաւորութեամբ: Դպրեվանեցիներն ու «Թռչնոց Բոյն»ի աշակերտները միասնաբար ունեցան իրենց նախաճաշը, որուն աւարտին Դպրեվանքի տեսուչ Հոգշ. Տ. Պօղոս Վրդ. Թինքճեան իր ողջոյնի խօսքը ուղղեց՝ բոլորին մաղթելով լաւ ժամանց ու բարի օր:
 
Նախաճաշէն ետք, Դպրեվանքի սարկաւագներուն կազմակերպութեամբ սկիզբ առին բացօթեայ խաղերը: Սարկաւագներուն գլխաւորութեամբ, «Թռչնոց Բոյն»ի աշակերտները շրջեցան Ս. Աստուածածին Վանքի համալիրի շրջափակը եւ աւելի մօտէ ծանօթացան Վանքին զանազան բաժանմունքներուն եւ ի մասնաւորի Դպրեվանքին:
 
Ապա, Դպրեվանքն ու «Թռչնոց Բոյն»ը միասնաբար ունեցան իրենց կէսօրուան ճաշը: Ճաշի աւարտին, «Թռչնոց Բոյն»ի տեսուչ սրբազան հայրը իր սրտի խօսքին մէջ շնորհակալութիւն յայտնեց Դպրեվանքի Տեսչութեան, եւ ապա դպրեվանեցիներուն՝ իրենց կազմակերպած հաճելի ու զուարճալի օրուան համար: Սրբազանին խօսքէն ետք, «Թռչնիկները» իրենց յատուկ կանչերով իրենք եւս իրենց շնորհակալութիւնը յայտնեցին։
 
Երեկոյեան, դպրեվանեցիներն ու թռչնիկները միասնաբար մասնակցեցան Երեկոյեան Ժամերգութիւն, որուն ընթացքին անոնք առիթը ունեցան միասնաբար աղօթելու, շարականներ երգելու եւ սաղմոսասացութիւն կատարելու։ Ժամերգութենէն ետք եւ օրուան աւարտին, Հայոց Ցեղասպանութեան 50-ամեակին նուիրուած հայ ժողովուրդին յարութիւնը խորհրդանշող յուշարձանին հովանիին ներքեւ, պտղասեղան մը սարքուեցաւ, ուր «թռչնիկները» անգամ մը եւս շնորհակալութիւն յայտնեցին Դպրեվանքի մեծ ընտանիքին:

More News