28 April, 2020

ՄԻԱԲԱՆԱԿԱՆ ՀԱՒԱՔ ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԱՅՐԱՎԱՆՔԻՆ ՄԷՋ

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի նախագահութեամբ, Երեքշաբթի, 28 Ապրիլ, 2020-ին, միաբանական հաւաք մը տեղի ունեցաւ Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ, մասնակցութեամբ վանաբնակ միաբան հայրերուն: Հաւաքը սկիզբ առաւ «Տէրունական Աղօթք»ով: Ապա, Վեհափառ Հայրապետը ընդհանուր գծերով ներկայացուց համաճարակի հետեւանքով ստեղծուած կացութիւնը ներկայ աշխարհէն եւ յատկապէս հայ կեանքէն ներս: Այս ծիրէն ներս Նորին Սրբութիւնը լայն կերպով անդրադարձաւ մեր թեմերուն եւ հոն կատարուող աշխատանքներուն: Ան գնահատեց մեր առաջնորդներուն, հոգեւոր դասուն, ազգային իշխանութիւններուն, կազմակերպութիւններուն ու միութիւններուն կողմէ կատարուող ծառայութիւնը մեր ժողովուրդին, ինչպէս նաեւ իր գնահատանքը յայտնեց բոլոր անոնց, որոնք իրենց բարոյական ու նիւթական աջակցութիւնը կ՚ընծայեն կատարուող աշխատանքներուն: Վեհափառ Հայրապետը յիշեցուց, թէ «ծառայութիւնը եկեղեցւոյ էութեան մաս կը կազմէ, անոր գոյութեան պատճառն է ու նպատակը. մեր Սուրբ Աթոռին հոգեւորականները այս գիտակցութեամբ ու վերանորոգ յանձնառութեամբ պէտք է շարունակեն իրենց ժողովրդանուէր ծառայութիւնը»։

 

Հայրապետը նաեւ շեշտեց Աստուծոյ խօսքի քարոզութեան հրամայականը: «Ծառայութեան առընթեր, Աստուածաշնչական ճշմարտութիւններուն ու արժէքներուն քարոզութիւնը եկեղեցւոյ կոչումն է։ Հոգեւորականը նախ պէտք է ապրի ու ապա քարոզէ Աստուածաշունչը», շեշտեց ան, միաժամանակ զգուշացնելով, որ անհրաժեշտ է հեռու մնալ ներկայ ժամանակներու աժան ու մակերեսային հոգեւորութենէ ու քարոզութենէ:  «Ժողովուրդին յոյս պէտք է ներշնչել, անոր հաւատքը պէտք է զօրացնել, որպէսզի կարենայ յաղթահարել ներկայ դժուար պայմանները», ըսաւ Նորին Սրբութիւնը։

 

Վեհափառ Հայրապետը իր գնահատանքը յայտնեց վանաբնակ միաբաններուն, որոնք հոգեմտաւոր աշխատանքներու ճամբով իրենց գործօն մասնակցութիւնը կը բերեն մեր եկեղեցւոյ ազգանուէր ծառայութեան։ Այս ուղղութեամբ Նորին Սրբութիւնը իր ուրախութիւնը յայտնեց, որ մեծ թիւով հաւատացեալներ կը հետեւին Կաթողիկոսարանի CILICIA TV-ի սփռումներուն։

 

Նորին Սրբութիւնը նաեւ հակիրճ կերպով ներկայացուց Կաթողիկոսարանի կողմէ կատարուող մարդասիրական աշխատանքներուն ընդհանուր պատկերը։

More News