20 March, 2020

ՄԵՐ ՀՈԳԵՒՈՐԱԿԱՆՆԵՐՈՒՆ ԱԶՆԻՒ ՈՒՇԱԴՐՈՒԹԵԱՆ

ՄԵՐ ՀՈԳԵՒՈՐԱԿԱՆՆԵՐՈՒՆ ԱԶՆԻՒ ՈՒՇԱԴՐՈՒԹԵԱՆ

 

Կ՚ապրինք անբնական պայմաններու մէջ։ Ներկայ տագնապին ստեղծած անորոշութիւնը, վախը եւ անձկութիւնը դարձած են ամէնօրեայ մտահոգութիւն՝ մեր անձնական, ընտանեկան, համայնքային ու ազգային կեանքէն ներս։ Միշտ կ՚աղօթեմ, որ Աստուած հեռացնէ այս չարիքը աշխարհէն, հիւանդներուն բժշկութիւն պարգեւէ եւ մեր զաւակները պահէ անվտանգ։

 

Այս դժուար պայմաններուն մէջ յատկապէս, եկեղեցին պէտք է իր ժողովուրդին հետ ըլլայ։ Եկեղեցին որպէս ծառայութիւն, առաքելութիւն եւ երկնային արժէքներու աղբիւր, հարկ է տանիլ մեր ժողովուրդին։ Արդ, հայրաբար կը թելադրենք մեր հոգեւորականներուն.-

 

✔Աղօթեցէք, մի՛շտ աղօթեցէք համայն մարդկութեան եւ մեր ժողովուրդին համար, միաժամանակ մեր ժողովուրդին կոչ ուղղեցէք աղօթելու հաւատքով ու յոյսով։

 

✔Ընկերային ցանցերու ճամբով միշտ կապի մէջ եղէք ձեր թեմի ու ծուխի ժողովուրդի զաւակներուն հետ՝ մօտէն հետեւելով անոնց մտահոգութիւններուն, բաժնելով անոնց ցաւը եւ յոյս ներշնչելով անոնց։

 

✔Յորդորեցէք մեր զաւակները, որ իրարու օգնեն՝ իրարու համար աղօթելով, եւ անհրաժեշտութեան պարագային ընկերային ու նիւթական աջակցութիւն ընծայելով։

 

✔Յիշեցուցէք մեր ծնողներուն, որ իրենց ընտանեկան յարկին տակ յատուկ ուշադրութիւն ընծայեն իրենց զաւակներուն հոգեւոր ու հայեցի դաստիարակութեան։

✔Գոհունակութեամբ կ՚ուզեմ հաստատել, որ համարեա բոլոր մեր եկեղեցիները, սկսած են իրենց թեմերու ու ծուխերու ժողովուրդը հաղորդ դարձնել մեր եկեղեցական արարողութիւններուն՝ ընկերային ցանցերու ճամբով։ Շարունակեցէ՛ք այս կարեւոր նախաձեռնութիւնը։

 

✔Անհրաժեշտ է, որ զանազան շրջաններու մէջ հաստատուած մեր զաւակները կանոնաւոր կերպով հետեւին տուեալ երկրի պետական կառոյցներուն կողմէ կատարուած թելադրութիւններուն եւ ցուցմունքներուն։

 

 

Հայրական սիրով եւ օրհնութեամբ,

 

Աղօթարար՝

ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ

 

20 Մարտ 2020

Անթիլիաս, Լիբանան

More News