23 February, 2020

ԲՈՒՆ ԲԱՐԵԿԵՆԴԱՆԻ ՏՕՆԻՆ ԱՌԻԹՈՎ ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԸ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՄԱՅՐԱՎԱՆՔԻ ԿԻՐԱԿՆՕՐԵԱՅ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻՆ ՓՈՔՐԻԿՆԵՐԸ

Մեծ պահոց քառասնօրեակին կը նախորդէ Բուն Բարեկենդանի Կիրակին, որ Անթիլիասի Մայրավանքին Կիրակնօրեայ Վարժարանը զայն կը նշէ փոքրիկներուն զանազան կերպարներու ծպտումով։ Առ այդ, Կիրակի, 23 Փետրուար 2020-ին, Անթիլիասի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարին մէջ Սուրբ եւ Անմահ Պատարագէն ետք, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը Վեհարանի դահլիճին մէջ ընդունեց Կիրակնօրեայ Վարժարանի փոքրիկները:

Նորին Սրբութիւնը իր գնահատական խօսքին մէջ գնահատեց Կիրակնօրեայ Վարժարան յաճախող մանուկներն ու անոնց պատասխանատուները եւ շեշտեց Կիրակնօրեայ Վարժարանի դաստիարակչական դերը մանուկներու կեանքին մէջ։ Այս առիթով, Վեհափառ Հայրապետը քաջալերեց եւ իր գնահատանքը յայտնեց փոքրիկներու ծնողներուն, որոնք իրենց զաւակները կը վստահին Կիրակնօրեային, որպէսզի անոնք այնտեղ ստանան քրիստոնէական ու հայեցի դաստիարակութիւն:

 

More News