20 February, 2020

ՍՐԲՈՑ ՎԱՐԴԱՆԱՆՑ ԶՕՐԱՎԱՐԱՑ ՏՕՆԸ ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԱՅՐԱՎԱՆՔԻՆ ՄԷՋ

Նախագահութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին, Հինգշաբթի, 20 Փետրուար 2020-ին, Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ տեղի ունեցաւ «վասն հաւատոյ եւ վասն հայրենեաց» մղուած մեր պատմութեան ամէնէն պատգամաբեր դէպքերէն՝ Վարդանանց Ճակատամարտի ոգեկոչումը։

 

Եկեղեցական եւ ազգային այս տօնին նուիրուած Ս. եւ Անմահ Պատարագը Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարին մէջ մատուցեց եւ յաւուր պատշաճի քարոզեց Գերշ. Տ. Շահէ Եպս. Փանոսեան։

 

Սրբազան հայրը անդրադարձաւ Աւարայրի ճակատամարտին՝ զայն դիտելով անցեալի եւ ներկայի ոսպնեակէն։ Վարդանանք հայ ինքնութիւնը պահելու համար տուին իրենց կեանքը, իսկ այսօր, մենք հրաւիրուած ենք ապրելու անոնց արժէքներով, որովհետեւ ժողովուրդներ կը մեռնին, երբ կը կորսնցնեն իրենց պատմութեան յիշողութիւնն ու ազգային գիտակցութիւնը, ըսաւ Սրբազանը՝ ընդգծելով, որ հայը իրաւունք չունի իր կեանքը պատահականութեան ձգելու, այլ անցեալէն ժառանգուած արժէքներուն համար պայքարելով՝ պարտաւորուած է իր գոյութեան իրաւունքը շահելու այս աշխարհին մէջ եւ իր հարազատ դիմագիծով ապրելու։

 

Պատարագի աւարտին, Հայրապետական թափօրն ու հաւատացեալ ժողովուրդը ուղղուեցան Վեհարանի դահլիճ, ուր Դպրեվանքի սաները եւ ներկաները միասնաբար Վարդանաշունչ երգերով աւելիով բոցավառեցին Վարդանանց ոգին։

 

Տօնակատարութիւնը հասաւ աւարտին Վեհափառ Հայրապետին պատգամով։

 

Նորին Սրբութիւնը իր խօսքը սկսաւ՝ յայտնելով, որ դէմքեր ու դէպքեր խորհրդանիշ են ազգի մը հաւատքի գոյութեան ու բարոյական, հոգեւոր ու ազգային արժէքներու տեսլականին. եւ որպէս խորհրդանիշ, անոնք ժամանակէն անդին կը պատկանին յաւիտենականութեան։ Այսպիսին են Ղեւոնդ Երէցն ու Վարդան Մամիկոնեանը, որոնք հոմանիշ դարձած են մեր եկեղեցւոյ ու ազգին հաւատքին հզօրութեան, ըսաւ Հայրապետը, ու ապա չորս կէտերու մէջ ամփոփեց տօնին պատգամը։

 

Առաջին հերթին ան դիտել տուաւ, որ թէեւ եկեղեցւոյ տօնացոյցը Սրբոց Ղեւոնդեանց եւ Սրբոց Վարդանանց տօները տարբեր օրերու կը նշէ, բայց եւ այնպէս անոնք մէկ ամբողջութիւն կը կազմեն, որովհետեւ երկուքն ալ իրենց խաչով ու սուրով եւ իրենց հաւատքի յանձնառութեամբ նահատակուեցան։

 

Երկրորդ կէտին մէջ Հայրապետը շեշտեց, որ մինչ 451 թուականին Վարդանանք գիտակից նահատակութեամբ կը վկայէին Քրիստոսը, Քաղկեդոնի մէջ տեղի կ՚ունենար քրիստոնէութեան հաւատքին առնչուած վէճեր։ Բնականաբար, եկեղեցւոյ ու ազգերու պատմիչը աւելի վեր պիտի դասէր Աւարայրի դաշտին վրայ տեղի ունեցած «վասն հաւատոյ» հայ ժողովուրդին նահատակութիւնը, քան՝ եկեղեցւոյ առաջին բաժանման պատճառ դարձած Քաղկեդոնի ժողովը: «Ուրեմն, Աւարայրը Արեւելքի քրիստոնէութեան մէջ յատուկ կարեւորութիւն ունի. առաջին անգամ ըլլալով ազգ մը, իր եկեղեցիով, կը նահատակուէր վասն հաւատոյ, եւ, հետեւաբար, Ղեւոնդ Երէցն ու Վարդան Մամիկոնեանը համաքրիստոնէական սուրբեր պէտք է նկատուին», նշեց Հայրապետը։

 

Երրորդ կէտին մէջ Նորին Սրբութիւնը խօսեցաւ հայ ազգին, հայ եկեղեցւոյ ու հայրենիքին մէկ ամբողջական ու անբաժանելի գոյութիւն ըլլալուն մասին եւ կարեւորութեամբ շեշտեց, որ մեր պատմութեան մէջ ոչ մէկ բաժանման գիծեր եղած են հայրենիքին, եկեղեցիին ու ազգին միջեւ։

 

Իր վերջին կէտին մէջ Հայրապետը ըսաւ. «հաւատքը, մեր ժողովուրդին պատմութեան ընթացքին, Գրիգոր Լուսաւորիչէն սկսեալ, սոսկ կրօնական հասկացողութեամբ զգացական հոգեվիճակ մը չեղաւ. հաւատքը խորհրդանիշ եղաւ մեր ժողովուրդի բարոյական ու հոգեւոր արժէքներուն, ազգին  ձգտումներուն ու տեսլականին, մեր ժողովուրդի ազատութեան եւ Հայաստանի անկախութեան։ Այս բոլորը իր մէջ մարմնացուց ու արտայայտեց հաւատքը»։

 

Աւարտին, Նորին Սրբութիւնը յայտնեց, թէ մեր ժողովուրդը կարիքը ունի նորօրեայ Ղեւոնդներու ու Վարդաններու՝ նոր օրերու Աւարայրի ճակատամարտներու մէջ պայքարելու «վասն հաւատոյ եւ վասն հայրենեաց»

 

Տօնակատարութիւնը իր աւարտին հասաւ Հայրապետական մաղթանքով ու «Պահպանիչ» աղօթքով, որմէ ետք ժողովուրդը մօտենալով Հայրապետին, շնորհաւորելով՝ ստացան անոր օրհնութիւնը։

More News