13 February, 2020

ՏԵԱՌՆԸՆԴԱՌԱՋԻ ՆԱԽԱՏՕՆԱԿ ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԷՋ

«ՄԵՐ ՄԱՆՈՒԿՆԵՐԸ ՀՈԳԵՒՈՐ ՈՒ ԲԱՐՈՅԱԿԱՆ ԱՐԺԷՔՆԵՐՈՎ ՊԷՏՔ Է ԴԱՍՏԻԱՐԱԿՈՒԻՆ ՀԱՅ ԸՆՏԱՆԻՔԷՆ ՈՒ ԴՊՐՈՑԷՆ ՆԵՐՍ»

ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ

Հինգշաբթի, 13 Փետրուար 2020-ին, Անթիլիասի Մայրավանքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարին մէջ երեկոյեան ժամերգութեան ղօղանջները բարձրացան Տեառնընդառաջի նախատօնակին առիթով, որուն հանդիսապետեց Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս։ Աւանդութեան համաձայն, հոգեպարար արարողութեան ընթացքին կատարուեցան հանդիսաւոր Անդաստան եւ մանուկներու տաճար ընծայում, իսկ աւարտին՝ շրջափակին մէջ հրավառութիւն։

 

Նախատօնակի աւարտին, Նորին Սրբութիւնը տուաւ իր Հայրապետական պատգամը։ Ան իր պատգամին մէջ շեշտեց, որ եկեղեցւոյ ծէսերուն եւ արարողութիւններուն ճամբով Քրիստոսի երկրաւոր կեանքի առաքելութեան առնչուած դէպքերը նշելը ինքնանպատակ չեն, այլ Անոր առաքելութեան մասնակից դառնալու խորհրդանիշ են, եւ ըսաւ, որ հոս կը կայանայ ճշմարիտ Քրիստոնեայ ըլլալու կոչումը։

 

Խօսքը ուղղելով երիտասարդ ծնողներուն, Վեհափառ Հայրապետը ընդգծեց երկու հիմնական միտքեր, որոնց ընդմէջէն վեր առաւ նախատօնակին պատգամը։ Առաջին հերթին Հայրապետը խօսեցաւ Մանուկին տաճար ընծայուելու երեւոյթին մասին։ «Յիսուս Մանուկ Աստուծոյ որդին էր եւ պէտք չունէր Աստուծոյ ընծայուելու, մկրտուելու կամ խաչուելու, սակայն այս բոլորը Ան ըրաւ մարդուն փրկութեան համար, որպէսզի Իր օրինակով ցոյց տայ մարդուն ճշմարիտ ճամբան», ըսաւ Վեհափառ Հայրապետը։ Երկրորդ կէտին մէջ Նորին Սրբութիւնը անդրադարձաւ ու շեշտեց ընտանիքի կարեւորութեան մասին, յատկապէս հայ ընտանիքին՝ Աստուծոյ օրհնութեամբ եւ շնորհներով պարուրուած ըլլալուն անհրաժեշտութիւնը։ «Աւետարանիչը կ՚ըսէ, թէ երբ Մանուկ Յիսուս իր գիւղը դարձաւ, Ան Աստուծոյ օրհնութեամբ կը կ’աճէր։ Մեր ժողովուրդն ալ մանուկներու կատարած իր բարեմաղթութիւններուն մէջ կը նշէ Աստուծոյ շնորհքով աճելու Աւետարանական մաղթանքը. մարդկային կեանքին մէջ չկայ աւելի զօրեղ մաղթանք քան այս մէկը», ըսաւ Հայրապետը։ Ան ընդգծեց, որ հայ մանուկներն են հայ ազգին ապագան եւ հայ ծնողները ունին անոնց բարոյական, հոգեւոր եւ ազգային դաստիարակութիւնը եկեղեցւոյ եւ հայ դպրոցի ճամբով ջամբելու պարտականութիւնը։ Իր խօսքին աւարտին, Նորին Սրբութիւնը աղօթք բարձրացնելով Աստուծոյ՝ խնդրեց Անկէ, որ Անոր օրհնութիւնը երկնային ցօղի նման իջեցնէ հայ ընտանիքներուն վրայ։

 

Հուսկ, լուսարարապետ Սրբազանը խորանէն Քրիստոսի լոյսը խորհրդանշող մոմը բերաւ ու յանձնեց Հայրապետին, որ զայն բաշխեց հաւատացեալներուն։ Ապա, տեղի ունեցաւ մանուկներու տաճար ընծայումը, որմէ ետք Հայրապետին առաջնորդութեամբ հաւատացեալները ուղղուեցան շրջափակ՝ վառելու համար աւանդական խարոյկը։

 

Խարոյկին առաջին կայծը տրուեցաւ Վեհափառ Հայրապետին օրհնաբաշխ աջով։ Այնուհետեւ Դպրեվանքի սաները հոգեւոր ու ազգային երգերով խանդավառեցին մթնոլորտը, իսկ հաւատացեալները, աւանդութեան համաձայն, դարձան խարոյկին շուրջ, ու Քրիստոսի ճշմարիտ լոյսը խորհրդանշող իրենց ձեռքի լոյսերը տարին տուն՝ վառելու համար իրենց տան ճրագը։

 

More News