8 Փետրվարի, 2020

ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԵԱՆ ԿՐՕՆԱԿԱՆ ԺՈՂՈՎԸ ՔՆՆԱՐԿԵՑ ԿՐՕՆԱԿԱՆ ԲՆՈՅԹ ՈՒՆԵՑՈՂ ԱՅԺՄԷԱԿԱՆ ՀԱՐՑԵՐ

Շաբաթ, 8 Փետրուար 2020-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի նախագահութեամբ տեղի ունեցաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան ազգային կեդրոնական վարչութեան կրօնական ժողովի հանդիպումը:

 

Ժողովական հայրեր յաջորդաբար քննարկեցին քրիստոնէական դաստիարակութեան, քահանայից պատրաստութեան, Դպրեվանքի, Հիւսիսային Ամերիկայի համալսարանականներու յատուկ դասընթացքին, միջ-եկեղեցական ու միջ-կրօնական հանդիպումներու ու աշխատանքներու, վանաբնակ երիտասարդ միաբաններու յատուկ դասընթացքի, Սուրբ Գրոց թարգմանութեան, Հայրապետական ու Հանրապետական մաղթանքներու բարեփոխութեան, Վեհափառ Հայրապետին գահակալութեան 25-ամեակին, յառաջիկայ միաբանական ժողովին, Նուիրապետական Աթոռներու հետ գործակցութեան, ինչպէս նաեւ այլ այժմէական հարցերու առնչուած աշխատանքներ ու ծրագիրներ: Վերոյիշեալ օրակարգի նիւթերու շուրջ տրուեցան զեկոյցներ ու առնուեցան համապատասխան որոշումներ:

More News