19 Հունվարի, 2020

ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԻՒՆԸ ԿԸ ՄԱՍՆԱԿՑԻ ԱՂՕԹՔԻ ՇԱԲԹՈՒԱՆ

Միջ-եկեղեցական շարժումին նախաձեռնութեամբ Յունուար ամսուան 3-րդ շաբաթը յատկացուած է Քրիստոնէական Միութեան Աղօթքին:

 

Այս ծիրէն ներս աշխարհի բոլոր եկեղեցիներէն ներս աղօթքներ տեղի կ’ունենան եկեղեցիներու միութեան համար: Երբեմն եկեղեցիներ առանձնաբար եւ երբեմն միասնաբար կրօնական հաւաքներ կը կազմակերպեն` աղօթասացութեամբ, խորհրդածութեամբ եւ քարոզխօսութեամբ շեշտելով եկեղեցիներուն միութեան հրամայականը:

 

Յայտնենք, որ անցեալ տարի Լիբանանէն ներս աղօթքի շաբթուան փակումը տեղի ունեցած էր Անթիլիասի Մայրավանքէն ներս եւ ներկայութեամբ հոգեւոր պետերու եւ եկեղեցական առաջնորդներու: Այս առիթով իր պատգամը ուղղած էր Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը:

 

Յանուն Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան եւ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին Գերշ. Տ. Մակար Եպս. Աշգարեան եւ Հոգշ. Տ. Պարոյր Վրդ. Շէրնէզեան պիտի մասնակցին եկեղեցւոյ միութեան նուիրուած աղօթքի շաբթուան:

More News