15 January, 2020

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՊԱՊԱԿԱՆ ՆՈՒԻՐԱԿԸ

Չորեքշաբթի, 15 Յունուար 2020-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին այցելեց Լիբանանի մօտ Պապական նուիրակ Ժոզեֆ Եպիսկոպոս Սփիթերին:

 

Այցելութեան նպատակն էր Վեհափառ Հայրապետին փոխանցել Նորին Սրբութիւն Ֆրանսիս Պապին ողջոյնները եւ Ս. Ծննդեան առիթով իր բարեմաղթութիւնները պարունակող նամակը: Վեհափառ Հայրապետը իր կարգին Պապական նուիրակէն խնդրեց իր եղբայրական ողջոյնները փոխանցել Սրբազան Քահանայապետին ու յիշեցուց, որ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան եւ Վատիկանի միջեւ գոյութիւն ունեցող պատմական կապերը գործակցական նոյն ոգիով կը շարունակուին յատկապէս միջ-եկեղեցական մարզէն ներս:

 

Հանդիպումը նաեւ առիթ մը եղաւ կարծիքներ փոխանակելու ընդհանրապէս Միջին Արեւելքը ու յատկապէս Լիբանանը յուզող հարցերու շուրջ:

More News