22 Դեկտեմբերի, 2019

ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԱՅՐԱՎԱՆՔԻՆ ՄԷՋ ՀԱՆԴԻՍԱՒՈՐԱՊԷՍ ՆՇՈՒԵՑԱՒ ՍՈՒՐԲ ՍՏԵՓԱՆՈՍ ՆԱԽԱՎԿԱՅԻՆ ՏՕՆԸ

«ՄԵՆՔ ԱՅՍՕՐ ՊԷՏՔ ՈՒՆԻՆՔ ԱՅՆՊԻՍԻ ՄԵԾՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ, ՈՐՈՆՔ ԻՐԵՆՑ ԿԵԱՆՔՈՎ ԵՒ ԳՈՐԾՈՎ ՕՐԻՆԱԿ ԿԸ ԴԱՌՆԱՆ ՈՒՐԻՇՆԵՐՈՒՆ»

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ

 

Կիրակի, 22 Դեկտեմբեր 2019-ին, Անթիլիասի Մայրավանքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարին մէջ հանդիսաւորապէս նշուեցաւ քրիստոնէական եկեղեցւոյ առաջին մարտիրոսին՝ Ս. Ստեփանոս նախավկային յիշատակի տօնը։ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին նախագահութեամբ Ս. եւ Անմահ Պատարագը մատուցեց եւ յաւուր պատշաճի քարոզեց Կաթողիկոսարանի մատենադարանի տեսուչ Գերշ. Տ. Շահան Արք. Սարգիսեան։ Պատարագէն ետք, ըստ աւանդութեան, Վեհարանի դահլիճին մէջ տեղի ունեցաւ Դպրեվանքի սարկաւագներուն պատրաստութեամբ յատուկ յայտագիր մը։

 

Պատարագիչ սրբազանին քարոզին առանցքը կազմեց աղօթասացութեան կեդրոնական կարեւորութիւնը անհատական եւ հաւաքական կեանքին մէջ։ Բացատրելէ ետք սարկաւագ բառին իմաստը՝ ան ամփոփեց Ս. Ստեփանոսի նուիրական կեանքն ու առաքելութիւնը ու ըսաւ, որ Գործք Առաքելոց գիրքին մէջ սուրբէն արձանագրուած են երկու աղօթքներ, որոնք արտասանած է քաղաքէն դուրս անարդարօրէն քարկոծուելու ժամանակ, որմէ ետք սուրբին առջեւ բացուած է երկինքը։ Այս իմաստով, սրբազանը խօսեցաւ Աւետարանին վկայութեամբ աղօթքին ու անոր հետեւանքով երկինքիը բացուելու դէպքերուն մասին, ու կապելով ներկային՝ շեշտեց, որ Լիբանանի այսօրուան կացութեան ներքոյ, Վեհափառ Հայրապետին կարիքաւորներուն հասնելու կոչը մեզ կը հրաւիրէ Ս. Ստեփանոս սարկաւագին լուծը առնելու մեր վրայ՝ հոգեւորական թէ աշխարհական, որովհետեւ ոչ թէ տիտղոսը, այլ գործն է էականը։

 

Վեհարանի դահլիճին մէջ, Բարեշնորհ Գրիգոր Սրկ. Արապաթլեան արտասանեց յայտագիրին բացման խօսքը, ուր Դպրեվանքի սարկաւագաց դասին անունով վերանորոգեց իր ուխտը հաւատարիմ մնալու Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան ու հետեւելու մարտիրոսին օրինակին։

 

Սուրբին նուիրուած շարականներու երգեցողութեան ու Բարշ. Նարեկ Սրկ. Ֆիլիկեանի կողմէ Աւետարանէն հատուածի մը ընթերցանութեան յաջորդեց Նորին Սրբութեան Հայրապետական պատգամը։

 

Վեհափառ Հայրապետ իր պատգամին մէջ անդրադարձաւ Ս. Ստեփանոս նախավկային ցուցաբերած երեք յատկութիւններուն, որոնք են՝ Աստուածսիրութիւնը, ծառայութիւնը կեանքի վերածելը եւ խոնարհութեամբ ճշմարիտ մեծութիւն ըլլալը։ Հայրապետը ըսաւ, որ Քրիստոսի աշակերտ ըլլալ կը նշանակէ Քրիստոսի հետեւիլ, որ իր կարգին կը նշանակէ մեր կեանքը լեցնել Աստուծոյ Որդւոյն աշխարհ բերած արժէքներով։ Ս. Ստեփանոս ոչ միայն սիրեց զԱստուած, այլ այդ մէկը ծառայելով կեանքի վերածեց, որովհետեւ Աստուածսիրութիւն կը նշանակէ մարդասիրութիւն ու ծառայասիրութիւն։ Ան նշեց, որ մեր ունեցուածքը կը պարտինք Աստուծոյ, իսկ Ս. Ստեփանոսի օրինակը մեզ կը յիշեցնէ, թէ մեր մեծութիւնը ո՛չ թէ աթոռով, գաւազանով, վկայականով կամ նիւթականով կը կերտենք, այլ Աստուածսիրութեամբ, մարդասիրութեամբ եւ ծառայասիրութեամբ։ «Այսօր մենք կարիքը ունինք Ս. Ստեփանոսներու՝ հոգեւորական թէ աշխարհական, որովհետեւ սուրբը խորհրդանիշ ու պատգամ մըն է ճշմարիտ մեծութեան», իր խօսքը եզրափակեց Հայրապետը։

 

Ձեռնարկը իր աւարտին հասաւ «Կիլիկիա» քայլերգով։

More News