13 Դեկտեմբերի, 2019

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՀԱՅ ՅԵՂԱՓՈԽԱԿԱՆ ԴԱՇՆԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ԲԻՒՐՈՆ

Ուրբաթ, 13 Դեկտեմբեր 2019-ին, Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Բիւրոյի ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր խաչատուրեանի գլխաւորութեամբ, Բիւրոյի անդամներ այցելեցին Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին։

 

Աւելի քան երկու ժամ տեւած հանդիպումը առիթ մը հանդիսացաւ ընդհանուր արժեւորումի ենթարկելու Հայաստանը, Արցախը, Սփիւռքը եւ ընդհանրապէս հայ ժողովուրդը դիմագրաւող մարտահրաւէրները։ Կարեւորութեամբ շեշտուեցաւ համահայկական արժէքներու ու ձգտումներու շուրջ համախմբուելու հրամայականը։

 

Վեհափառ Հայրապետը եւ Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի ներկայացուցիչները նաեւ խոր գոհունակութեամբ ողջունեցին Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Ծերակոյտին կողմէ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչումը։

More News