26 November, 2019

ԱՐՑԱԽԻ ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ ՆԱԽԱԳԱՀ ՏԻԱՐ ԲԱԿՕ ՍԱՀԱԿԵԱՆ ՀԵՌԱՁԱՅՆԱՅԻՆ ՀԱՂՈՐԴԱԿՑՈՒԹԻՒՆ ՈՒՆԵՑԱՒ ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻՆ ՀԵՏ

Երեքշաբթի, 26 Նոյեմբեր 2019-ին,  Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը հեռաձայն մը ստացաւ Արցախի Հանրապետութեան Վսեմաշուք նախագահ Տիար Բակօ Սահակեանէն։

 

Պարոն նախագահն ու Վեհափառ Հայրապետը խորհրդակցեցան Լիբանանէն ներս ստեղծուած տնտեսական տագնապին շուրջ։ Նախագահ Սահակեան իր զօրակցութիւնը յայտնեց, ինչպէս նաեւ պատրաստակամութիւնը, օգտակար ըլլալու Լիբանանի հայութեան։

More News