13 October, 2019

90-ԱՄԵԱՅ ԴՊՐԵՎԱՆՔԻՆ ՎԵՐԱՄՈՒՏԻ ԲԱՑՄԱՆ ՀԱՆԴԻՍՈՒԹԻՒՆԸ ՏԵՂԻ ՈՒՆԵԱՑԱՒ ՍՐԲՈՑ ԹԱՐԳՄԱՆՉԱՑ ՎԱՐԴԱՊԵՏԱՑ ՈԳՇՆՉՈՂ ՆԵՐԿԱՅՈՒԹԵԱՄԲ

Իւրաքանչիւր հայ դպրոցի վերամուտ արեւածագ մըն է հայ ազգին համար, որովհետեւ հայ դպրոցը աղբիւրն է հայաշունչ կրթութեան եւ դաստիարակութեան։ Իսկ երբ վերամուտը Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Դպրեվանքինն է, ապա այդ կրկնապատիկ արեւագալ է, որովհետեւ Դպրեվանք կոչուած մարդակերտումի բովէն անցնողն ու անոր տեսիլքէն կայծ մը առնողը տարբեր անձ կը դառնայ, իրաւացիօրէն կը վկայէ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը։

 

Ցեղասպանութենէն վերապրելէ ետք, 90-րդ տարին ըլլալով, Դպրեվանքը կը սկսի իր կրթական-ուսումնական տարեշրջանը Սրբոց Թարգմանչաց տօնը իբրեւ մեկնակէտ ունենալով։ Արդարեւ, հանդիսապետութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին, Կիրակի, 13 Հոկտեմբեր 2019-ին, Անթիլիասի Մայրավանքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարին մէջ մատուցուեցաւ Ս. եւ Անմահ Պատարագ՝ ձեռամբ Դպրեվանքի տեսուչ Հոգշ. Տ. Պօղոս Վրդ. Թինքճեանի, իսկ Պատարագի երգեցողութիւնը կատարեց Կաթողիկոսարանի «Շնորհալի» երգչախումբը։

 

Պատարագիչ Հայր սուրբը իր քարոզին մէջ հիմնականօրէն շեշտը դրաւ Թարգմանչաց սերունդին կենսական գործին վրայ եւ նշեց, որ Թարգմանչաց Վարդապետաց առաքելութիւնը կը շարունակուի շնորհիւ հայաբոյր տաճարներուն՝ ըլլան անոնք մայր հողին վրայ թէ անկէ դուրս։

 

Պատարագի աւարտին, Վեհարանի դահլիճին մէջ տեղի ունեցաւ Դպրեվանքի ուսումնական-կրթական 90-րդ տարեշրջանի բացման հանդիսութիւնը՝ ներկայութեամբ միաբան հայրերու, ուսուցիչներու, Դպրեվանքի բարերարներու ու բարեկամներու եւ Դպրեվանքի առաքելութեան հաւատացող հայորդիներու:

 

Բացման հանդիսութիւնը ընթացք առաւ Դպրեվանքի քայլերգով՝ կատարողութեամբ Դպրեվանքի «Արմաշ» երգչախումբին։ Յայտագրին սկիզբը բացման խօսքով հանդէս եկաւ Բարեշնորհ Ղազար Սրկ. Քէօշկէրեան։ Ան ըսաւ, որ կոտորածներէ ազատած եւ օտարութեան մէջ գտնուած հայ ժողովուրդը կարիքը ունէր դարբնոցի մը, ուր ոչ միայն կրօնական դաստիարակութիւն պիտի ջամբուէր, այլ նաեւ ազգայինը միատեղ՝ պատրաստելու համար (գլխագիր) Հայ Մարդը։ Անցնող տարիներուն, Դպրեվանքը իր առաքելութիւնը ծաւալեց՝ ազգին ընծայաբերելով հոգեմտաւոր արժէքներով լիցքաւորուած մարդուժի հսկայ հոսանք մը։

 

Ասոր յաջորդեց գեղարուեստական պատշաճ յայտագիր, ուր ընթերցուեցան Աւետարանէն հատուածներ, ինչպէս նաեւ «Շնորհալի» երգչախումբին կողմէ ներկաներուն հրամցուեցաւ փունջ մը թարգմանչաց վարդապետներուն նուիրուած երգեր։

 

Յաջորդիւ, Դպրեվանքի տեսուչ հայր սուրբը արտասանեց տեսչութեան խօսքը։ Ան ըսաւ, որ Դպրեվանքի նոր տարեշրջանի սկիզբը նոր կեանքի մը սկիզբին համազօր է, որովհետեւ ընտանեկան մթնոլորտի մէջ դպրեվանեցիներ կ՚անցընեն ամբողջ տարեշրջան մը, հետեւաբար պարզ դպրոցի մը բացումը չէ այս վերամուտը, այլ տունի եւ հնոցի վերամուտ է։ Այս առիթով, ան յայտնեց, որ 2019-2020 տարեշրջանին Դպրեվանքը պիտի նշէ իր 90-ամեակը զանազան ձեռնարկներու ընդմէջէն եւ իր խօսքը եզրափակեց ոյժ եւ կորով մաղթելով ուսուցչապետ Նորին Սրբութեան եւ բարի ու յաջող աշխատանք՝ ուսուցչակազմին։

 

Հուսկ, Հայրապետը ներկաներուն ուղղեց իր պատգամը։ Նորին Սրբութիւնը անգամ մը եւս կարեւորութեամբ ընդգծեց, որ Դպրեվանքը ազգակերտ ու մարդակերտ առաքելութեան լծուած եւ Աստուծոյ օրհնութեամբ ու մեր պապերուն շունչով ապրող ու գործող սրբավայր մըն է։ Ան ըսաւ, որ աստուածային գիտութեան լոյսով սնանող դպրեվանեցիներ կը պատրաստուին որպէս հոգեւորականներ, ինչպէս նաեւ իբրեւ ուսուցիչներ, տնօրէններ ու մտաւորականներ՝ ծառայելու մեր ժողովուրդի ծով կարիքներուն։ Վեհափառ Հայրապետը իր խօսքը եզրափակեց պարտք դնելով դպրեվանեցիներուն վրայ, որ իրենց կենցաղով հաղորդիչը դառնան այս առաքելութեան, եւ կոչումի գիտակցութեամբ ու համոզումով ստանձնեն իրենց վստահուած սուրբ գործը։ Ան իր խօսքը աւարտեց աղօթք բարձրանելով առ Աստուած, որ Իր օրհնութիւնը անպակաս ընէ Դպրեվանքին վրայէն։

 

Հանդիսութիւնը վերջ գտաւ «Կիլիկիա» քայլերգով, որմէ ետք ներկաները ստացան Հայրապետին օրհնութիւնը։

More News