1 Հոկտեմբերի, 2019

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ՀՈԼԱՆՏԱՅԻ ՄԷՋ

Հրաւէրով Հին Կաթոլիկ Եկեղեցւոյ հոգեւոր պետ Ճորիս Վերքամեն Արքեպիսկոպոսին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս մեկնեցաւ Հոլանտա։ Օդակայանին մէջ արքեպիսկոպոսը դիմաւորեց Վեհափառ Հայրապետը եւ ապա անոնք ուղղուեցան Իւթրեխթ, ուր կը գտնուի յիշեալ եկեղեցւոյ կեդրոնատեղին։

 

Նորին Սրբութիւնը այցելեց Հին Կաթոլիկ Եկեղեցւոյ մայր տաճարը՝ իր պատուիրակութեան անդամներուն հետ միասին, եւ հանդիպում ունեցաւ արքեպիսկոպոսին հետ՝ անոր օգնականներուն ներկայութեան։

 

Ապա, Հայրապետը ներկայ գտնուեցաւ Լիբանանի եւ Հայաստանի դեսպաններուն կողմէ ի պատիւ իրեն կազմակերպուած ճաշկերոյթին, Լահէյի մէջ։ Ընդունելութեան ներկայ էին արաբական երկիրներու դեսպաններ եւ քրիստոնեայ համայնքներու առաջնորդներ։

 

Նոյն օրը երեկոյեան, Վեհափառ Հայրապետը իր պատուիրակութեան անդամներուն հետ միասին ներկայ եղաւ ի պատիւ իրեն տրուած ընթրիքին՝ Հին Կաթոլիկ Եկեղեցւոյ արքեպիսկոպոսին կողմէ կազմակերպուած։ Ընթրիքը առիթ մը եղաւ քննարկումներ կատարելու միջ-եկեղեցական ու աստուածաբանական հարցերու շուրջ, որոնք անմիջականօրէն առնչուած էին ներկայ ժամանակներու եկեղեցւոյ առաքելութեան։

More News