10 Սեպտեմբերի, 2019

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՄԻԱՑԵԱԼ ԱԶԳԵՐՈՒ ԿԱԶՄԱԿԵՐՊՈՒԹԵԱՆ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԻՉԸ

Երեքշաբթի, 10 Սեպտեմբեր 2019-ին, Ս. Աստուածածին Վանքին մէջ, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին այցելեց Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութեան ընդհանուր քարտուղարի ներկայացուցիչ Եան Քիւպիշ։

 

Հանդիպումը առիթ մը հանդիսացաւ արծարծելու հետեւեալ հարցերը.- Լիբանանի այժմու կացութիւն, Միջին Արեւելքի դիմագրաւած մարտահրաւէրներ, քրիստոնէական ներկայութիւնը շրջանէն ներս, քրիստոնեայ-իսլամ երկխօսութիւն, Մ.Ա.Կ.ի դերը միջազգային գետնի վրայ։

 

Յիշեալ հարցերուն շուրջ աւելի քան ժամ մը տեսակէտներու փոխանակում տեղի ունեցաւ Մ.Ա.Կ.-ի ներկայացուցիչին եւ Վեհափառ Հայրապետին միջեւ։ Անոնք կարեւորութեամբ շեշտեցին, որ ներկայ աշխարհը յուզող կարգ մը հարցերու շուրջ կրօնքին դերակատարութիւնը կը մնայ միշտ էական։

 

Ապա, ներկայացուցիչը Մ.Ա.Կ.-ի ընդհանուր քարտուղար Անթոնիօ Կութերեսի կողմէ նամակ մը յանձնեց Նորին Սրբութեան եւ որոշուեցաւ մօտ ապագային երկրորդ հանդիպում մը տեղի ունենալ Նորին Սրբութեան եւ Մ.Ա.Կ.-ի ներկայացուցիչին միջեւ՝ շարունակելու իրենց քննարկումները։

More News