21 Օգոստոսի, 2019

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻ Ս. ԱՍՏՈՒԱԾԱԾՆԱՅ ՎԵՐԱՓՈԽՄԱՆ ՏՕՆԻՆ ՀԱՅՐԱՊԵՏԱԿԱՆ ՊԱՏԳԱՄԸ

Սոյն գրութիւնը խտացումն է Սուրբ Աստուածածնայ Վերափոխման տօնին, Պիքֆայայի «Ուխտի Օր»ուան առիթով Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին տուած պատգամին, ուղղուած Ս. Աստուածածին Վանքի շրջափակին մէջ հաւաքուած հոծ բազմութեան. Շաբաթ գիշեր, 17 Օգոստոս, 2019։

 

ԴԷՊԻ ԱՌՈՂՋ ՀԱՅ ԸՆՏԱՆԻՔ ՈՒ ՅԱՆՁՆԱՌՈՒ ՀԱՅ ԴՊՐՈՑ

 

Սուրբ Աստուածածնի Վերափոխման տօնին, այս հոգեպարար մթնոլորտին մէջ, մեր ժողովուրդի զաւակներու խուռներամ ներկայութեան, ինչպէս գիտէք, կ’անդրադառնանք մեր ժողովուրդն ու հայրենիքին հետ անմիջական աղերս ունեցող այժմէական ու էական հարցերուն ու մարտահրաւէրներուն։ Մեր ժողովուրդի ծառայութեան լծուած, մեր ժողովուրդի մտահոգութիւններուն ու տագնապներուն հետ ինքզինք նոյնացուցած հայ եկեղեցին իրաւունք չունի անտարբեր մնալու մեր կեանքը յուզող խնդիրներուն նկատմամբ. ան ըսելիք եւ ընելիք ունի եւ պէտք է ունենայ, ի խնդիր մեր ժողովուրդի կեանքին առաւել ծաղկման, մեր ինքնութիւնը ամրացնող արժէքներու պահպանման, մեր ազգային իտէալներու իրագործման եւ մեր հայրենիքի հզօրացման։ Ահա այս նախանձախնդրութենէն ու յանձնառութենէն մեկնած, այս տարի կ’ուզենք ձեր ուշադրութիւնը հրաւիրել մեր ազգի գոյութեան ու ամրութեան հիմքը կազմող երկու կարեւոր կառոյցներու՝ ԸՆՏԱՆԻՔ եւ ԴՊՐՈՑ։

 

*

*        *

 

Հայրապետական կոնդակով 2004 տարին հռչակեցինք «Հայ Ընտանիքի Տարի»։ Այդ առիթով պատգամեցինք, քննարկեցինք ու շեշտեցինք համահայկական, թեմական թէ ծխային մակարդակներու վրայ հայ ընտանիքին առանցքային կարեւորութիւնը մեր ժողովուրդին համար։ Ըսինք ու կը կրկնենք՝ ընտանիքը սովորական ընկերային կառոյց չէ. ան Աստուծոյ կողմէ հաստատուած ու օրհնուած սրբազան կառոյց է. իր հոգեւոր, բարոյական ու ազգային արժէքներով, փոքր եկեղեցին է ու փոքր Հայաստան։ Այս խոր գիտակցութեամբ կազմուած է ու պահպանուած հայ ընտանիքը դարեր շարունակ։ Հետեւաբար, մեր ժողովուրդին համար ամէ՛ն տարի հայ ընտանիքի տարի է ու պէ՛տք է ըլլայ, նոյնիսկ ամէ՛ն օր ու ամէ՛ն ժամ։

 

Ընտանիքը միշտ կը մնայ ոեւէ ազգի գոյութեան հիմքը ու ինքնութեան երաշխիքը հակառակ այն իրողութեան, որ այսօր Արեւմտեան ընկերութեան կեանքէն ներս ան լայն չափով փոխած է իր նկարագիրն ու նպատակը։ Հռոմէական կայսրութեան պատմիչը, կայսրութեան փլուզումին գլխաւոր պատճառներուն առաջինը կը նկատէ բարոյական արժէքներու խախտումը եւ այդ ծիրէն ներս ընտանեկան կեանքի քայքայումը։ Մեր պատմութեան ընթացքին շատ բան կորսնցուցինք պայմաններու դառն հետեւանքով. սակայն, հայ ընտանիքը մնաց կանգուն իր սրբութեամբ ու իր արժէքներով. մնաց առողջ իր կոչումով, մեր պատմութեան ամենէն փոթորկալից ժամանակներուն։

 

Այսօր, երբ դժբախտաբար համաշխարհային մշակոյթի ապաբարոյ ու ապազգային արժէքները սկսած են թափանցել նաեւ մեր կեանքէն ներս, այսօր երբ ընկերային պայմաններու հետեւանքով խառն ամուսնութիւնները ու ամուսնալուծումները սկսած են դառնալ բնական երեւոյթներ, առաւել քան երբեք մենք կարիքը ունինք բարձրագոյն աստիճանի խստապահանջութեամբ ու նախանձախնդրութեամբ պահպանելու հայ ընտանիքին սրբութիւնը, անոր հոգեւոր, բարոյական ու ազգային մթնոլորտը։ Մենք չենք կրնար երեւակայել հայ ընտանիք մը, որ հեռու է հայ եկեղեցիէն, հայ մշակոյթէն, հայ ինքնութենէն։ Ես չեմ կրնար երեւակայել հայ ընտանիք մը, որուն կեանքին մէջ մեր ազգը, մեր հայրենիքը, մեր դատը կենդանի ներկայութիւն չեն։ Մեր ժողովուրդը պէտք է գիտակցի, որ երբ հայ ընտանիքի նուիրական արժէքներու համակարգը խախտի, երբ հայ ընտանիքին ներքին մթնոլորտը ապականի, հայ ընտանիքը կը քայքայուի։ Ու երբ հայ ընտանիքը քայքայուի, մեր ազգին ապագան կը մթագնի։ Մենք պէտք է անդրադառնանք այս ճշմարտութեան։ Արդ, ամէ՛ն տեղ ու բոլո՛ր պայմաններուն մէջ, հայ ընտանիքը մեզի համար պէտք է մնայ սրբազան արժէք ու առաջնահերթ մտահոգութիւն։

 

Այս առիթով կ’ուզենք նաեւ անդրադառնալ այս օրերուն Հայաստանէն ներս տեղի ունեցող քննարկումներուն այսպէս կչուած «Իսթանպուլի Քոնվենցիա»ի շուրջ։ Նախ յայտնենք թէ երկար քննարկումներէ յետոյ, Եւրոպական Խորհուրդը կնոջ նկատմամբ գործադրուող բռնութիւնները դատապարտող փաստաթուղթ մը պատրաստեց, եւ Խորհուրդին անդամ, եւ անդամ ըլլալու պատրաստուող երկիրները հրաւիրեց զայն որդեգրելու։ Հայաստանէն ներս տեղի ունեցող քննարկումները կը պարզեն թէ բացասական եւ թէ դրական մօտեցումներ։ Այս գծով կ’ուզենք կարեւորութեամբ շեշտել հետեւեալ չորս կէտերը.-

 

ա) Հայ ընտանիքին, անոր արժէքներուն, ինքնութեան ու կոչումին ուղղակի կամ անուղղակի վնասող ոեւէ փաստաթուղթի, մտածելակերպի, գործելակերպի ու կենցաղակերպի նկատմամբ Մենք, որպէս Կաթողիկոս, բացարձակօրէն դէմ ենք։

 

բ) Նման զգայուն բնոյթ ունեցող եւ բազմակողմանի երեսներ բովանդակող փաստաթուղթեր կամ խնդիրներ անհրաժեշտ է որ համահայկական մասնակցութեամբ եւ վերլուծական ու իրապաշտ մօտեցումով քննարկումի նիւթ դառնան։ Այլապէս, զգացական, միակողմանի ու տեսական մօտեցումներ մեզ կրնան սխալ ուղղութեամբ առաջնորդել։

 

գ) Կնոջ նկատմամբ ոեւէ ձեւի բռնարարքներուն Մենք խստօրէն դէմ ենք եւ այս մասին յաճախ անդրադարձած ենք։ Յիշեալ փաստաթուղթին մէջ բնականաբար գոյութիւն ունին դրական կէտեր։ Սակայն, նոյն փաստաթուղթի տողամէջերուն եւ անուղղակի նշումներով ընտանիքին առնչուած այնպիսի թագուն ակնարկութիւններ կան, որոնք փաստօրէն խորթ են ընտանիքի մեր հասկացողութեան եւ կրնան հետագային դուռ բանալ որոշ կենցաղակերպերու բնականոնացման եւ նոյնի՛սկ օրինականացման։ Հո՛ս է վտանգը։ Հարկ է ըլլալ զգոյշ։

 

դ) Այս առիթով նաեւ կ’ուզենք յիշեցնել, ինչպէս զանազան առիթներով Հայաստանի իշխանութիւններուն ուշադրութեան յանձնած ենք, թէ Հայաստանը, որպէս պետութիւն, ինքզինք երբեմն պիտի գտնէ մէկ կողմէն՝ մարդկային իրաւունքները յարգելու ու պաշտպանելու, եւ միւս կողմէն՝ ազգային արժէքներու հաւատարիմ մնալու կացութեան դիմաց։ Նման պարագաներուն, Մեր հայեցողութեամբ, Հայաստանի պետութիւնը պէտք է խուսափի ընտրութիւն կատարելու մօտեցումներէ եւ փորձէ ներդաշնակութիւն կամ նուազագոյնը գոյակցութիւն մը ստեղծել այս երկու բեւեռներուն միջեւ, սակայն բոլոր պարագաներուն նախանձախնդիր ըլլալով ազգային արժէքներու պահպանման։

 

*

*         *

 

Հայ ընտանիքի մասին խօսիլ, կը նշանակէ նաեւ խօսիլ հայ դպրոցի մասին։ Ինչպէս հայ ընտանիքը, նոյնպէս հայ դպրոցը մեր ժողովուրդին համար որոշ իմաստով եկեղեցի է ու հայրենիք՝ իր քրիստոնէական ու ազգային դաստիարակութեամբ ու հայաբոյր միջավայրով։ Հայ դպրոցը, ինչպէս յաճախ կը շեշտենք, սոսկ գիտութիւն ջամբող ու վկայական տուող կրթական կառոյց չէ. այս բոլորէն վեր ու այս բոլորը արժեւորող, հայ դպրոցը հայակերտումի դարբնոց է։ Հայ դպրոցին մէջ հայ ընտանիքէն ծնած հայ մանուկը հայութեամբ կը լեցուի, հայկական հարազատ արժէքներով ու աւանդութիւններով կը շաղախուի։ Հայուն մէջ գիտակից ու յանձնառու հայը կերտելու կոչուած առաքելութիւն է հայ դպրոցը։

 

Հայ դպրոցին դիմագրաւած լուրջ դժուարութիւնները կը մտահոգեն Մեզ։ Անտարբերութիւն մը կը նշմարենք հայ դպրոցին նկատմամբ։ Մեր ծնողները սկսած են իրենց զաւակները առաջնորդել օտար դպրոցներ։ Հարց կու տանք ինչո՞ւ։ Մեզի համար անբացատրելի ու անընդունելի երեւոյթ է սա։ Հայ դպրոցը իր արտաքին տեսքով, իր դաստիարակիչ մթնոլորտով, իր կազմակերպ կեանքով, իր կրթական մակարդակով, իր աշակերտներու արձանագրած յաջողութեամբ ո՛չ մէկ ձեւով ետ կը մնայ այլ դպրոցներէ։ Այս բոլորին վրայ անհրաժեշտ է աւելցնել՝ հայ դպրոցին ցուցաբերած հոգածու ու նախանձախնդիր մօտեցումը տնտեսական, կրթական ու առողջապահական հարցերու գծով։ Հետեւաբար, մեր կարգ մը ծնողներուն մօտ տակաւին առկայ մտայնութիւնը թէ՝ մեր զաւակը հայերէն գիտէ, թող օտար դպրոց երթայ օտար լեզուի սորվելու, թէ՝ օտար դպրոցին կրթական յաջողութիւնը աւելի է եւ այլ մակերեսային մօտեցումներ ու վերագրումներ բացարձակապէս ընդունելի չեն, որովհետեւ անոնք չեն համապատասխաներ իրականութեան։

 

Արդ, կոչ կ’ուղղենք մեր սիրելի ծնողներուն բոլոր գաղութներէն ներս.և եթէ կը հաւատաք մեր հայրենիքի հզօրացման, մեր արդար իրաւունքներու հետապնդման, մեր եկեղեցւոյ առաքելութեան կենսագործման, մեր գաղութներու հայապահպանման, պէտք է ձեր զաւակները ուղղէք դէպի հայ դպրոց՝ ստանալու համար հայեցի առողջ կրթութիւն։

 

 

ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ

ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ

 

17 Օգոստոս, 2019

Անթիլիաս, Լիբանան

More News