17 Օգոստոսի, 2019

ՇՈՒՐՋ ՀԱԶԱՐ ՈՒԽՏԱՒՈՐՆԵՐ ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԱՅՐԱՎԱՆՔԷՆ ՔԱԼԵԼՈՎ ԲԱՐՁՐԱՑԱՆ ՍՈՒՐԲ ԱՍՏՈՒԱԾԱԾԻՆ ՎԱՆՔ

Ուրբաթ, 16 Օգոստոս 2019-ի երեկոյեան, Ս. Աստուածածնայ վերափոխման տօնին եւ Ս. Աստուածածին Վանքի ուխտի օրուան առիթով, աղօթասացութեամբ եւ շարականի երգեցողութեամբ, երրորդ տարին ըլլալով, աւելի քան 1000 ուխտաւորներ ուխտեցին քալել Անթիլիասի Մայրավանքէն դէպի Ս. Աստուածածին Վանք։  

Արդարեւ, Աստուծոյ կամքով եւ օրհնութեամբ, ուխտերթը ընթացք առաւ երեկոյեան ժամը 6:00-ին։ Հաւատացեալներու շարքերուն մէջ կային հայ թէ օտար ուխտաւորներ, ինչպէս նաեւ միաբան հայրեր, Լիբանանի հայոց թեմի քահանայ հայրեր, սարկաւագներ եւ դպրաց դասեր։

Ուխտաւորները հասնելով Ս. Աստուածածին Վանք, դիմաւորուեցան Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին կողմէ, ուր միասնաբար կատարեցին «Անդաստան»ի արարողութիւնը։ Ապա, Նորին Սրբութիւնը տուաւ իր հայրապետական պատգամը։

Վեհափառ Հայրապետը ջերմօրէն ողջունեց ուխտաւորները եւ դիտել տուաւ, որ անոնց ուխտերթը իրենց անհատական կեանքէն անդին հայ ժողովուրդի բոլոր զաւակներուն կը պատկանի։ Ան շարունակեց՝ ըսելով, որ իսկական հաւատքը հաստատուն հաւատք է, որ լեռները կը շարժէ եւ իր աղօթքը բարձրացուց առ Աստուած՝ խնդրելով, որ Ս. Աստուածամօր բարեխօսութեամբ կատարուած ուխտերը ընդունելի ընէ։ «Սա հոգեպարար երեւոյթ է, երբ այստեղ՝ Ս. Աստուածածին Վանքէն ներս, Աստուծոյ ներկայութեան հաւաքուած ենք։ Եկէ՛ք, աղօթենք մեր ժողովուրդի բոլոր զաւակներուն համար, որպէսզի Աստուած Իր երկնային խաղաղութեան ծիածանը գծէ մեր ժողովուրդի կեանքի երկինքին վրայ», եզրափակեց Հայրապետը։

Աւարտին, ներկաները ստացան Ս. Հաղորդութիւն եւ Վեհափառ Հայրապետին օրհնութիւնը, ինչպէս նաեւ հիւրասիրուեցան Քրիստոնէական Դաստիարակութեան Բաժանմունքին կողմէ։

More News