4 August, 2019

ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԵԱՆ ՉՈՐՍ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴ ՄԻԱԲԱՆՆԵՐ ԿԸ ՍՏԱՆԱՆ ՎԱՐԴԱՊԵՏԱԿԱՆ ՄԱՍՆԱՒՈՐ ԻՇԽԱՆՈՒԹԵԱՆ ՉՈՐՍ ԱՍՏԻՃԱՆՆԵՐ

Կիրակի, 4 Օգոստոս 2019-ին, յընթացս Անթիլիասի Մայրավանքին Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարին մէջ մատուցուած Ս. Եւ Անմահ Պատարագին, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան երիտասարդ միաբաններէն Հոգշ. Տ. Պսակ Աբղ. Թէփիրճեան, Հոգշ. Տ. Յովակիմ Աբղ. Բանճարճեան, Հոգշ. Տ. Զաւէն Աբղ. Նաճարեան եւ Հոգշ. Տ. Արտաւազդ Աբղ. Շարոյեան ստացան Վարդապետական մասնաւոր իշխանութեան չորս աստիճաններ՝ ձեռամբ Գերշ. Տ. Վարուժան Արք. Հերկելեանի եւ խարտաւիլակութեամբ Հոգշ. Տ. Զարեհ Վրդ. Սարգիսեանի։ Վարդապետական աստիճանի տուուչութեան հանդիսապետեց Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս։

 

Պատարագի ընթացքին ձեռնադրիչ Սրբազանը, խարտաւիլակ հայր սուրբը եւ չորս ընծայեալները, շարականի երգեցողութեամբ, առաջնորդուեցան Մայր Տաճարին ատեանը, ուր սրբազան հայրը կատարեց ընծայեալ աբեղաներուն հաւատքի քննութիւնը. աբեղաները նզովեցին բոլոր աղանդաւոր հերձուածողները ու անոնց ուսուցումները եւ հաստատեցին իրենց հաւատարմութիւնը ուղղափառ դաւանանքին ու անոր ջատագով բոլոր հայրապետներու ուսուցումներուն։ Ապա, ձեռնադրիչ սրբազանը անոնց շնորհեց Ս. Գրիգոր Տաթեւացիին կողմէ սահմանուած Վարդապետութեան մասնաւոր իշխանութեան չորս աստիճանները եւ յանձնեց Վարդապետական գաւազանը:

 

Արարողութենէն ետք, սրբազան հայրը տուաւ իր պատգամը։ Ան իր քարոզի մէջ, խօսքը ուղղելով նորակոչ վարդապետներուն, զանոնք յորդորեց ձեռնադրութեան արարողութեան ընթացքին ընթերցուած աղօթքներուն եւ աւետարանական հատուածներուն ընդմէջէն կատարուած խրատներն ու թելադրանքները գործի վերածել եւ շեշտեց Աստուծոյ եւ Ս. Հոգիին շնորհներով լեցուած ըլլալուն անհրաժեշտութիւնը։ Մէջբերելով Խրիմեան Հայրիկին խօսքը, ուր կ՚ըսէ, թէ թէեւ մեր եկեղեցւոյ հայրերն ու վարդապետները ֆիզիքապէս մեր մէջ չեն գտնուիր, բայց անոնք մեր կեանքին մաս կը կազմեն իրենց գրականութեամբ եւ աղօթքներով, Սրբազանը քաջալերեց նորակոչները կարդալ հայ եկեղեցւոյ հարուստ գրականութիւնը, որպէսզի կարենան հարստացնել իրենց միտքն ու հոգին եւ առողջ կենցաղով ծառայել մեր ժողովուրդի զաւակներուն։ Ան նաեւ յայտնեց երիտասարդ վարդապետներուն, որ չվարանին հաւատացեալ ժողովուրդին ծառայելուն ընթացքին սխալները ուղղելէ, սակայն պայմանաւ որ այդ մէկը կատարեն խոնարհութեամբ, քաղցր լեզուով եւ բժշկութեան նպատահով։ Վերջապէս, ան խրախուսեց զանոնք բարձրանալու քարոզախօսութեամբ եւ ըսաւ. «Նախքան արդարութիւն քարոզելը՝ արդա՛ր եղէք, նախքան հեզութիւն ու խոնարհութիւն քարոզելը՝ հե՛զ ու խոնա՛րհ եղէք, նախքան բարիք գործել քարոզելը՝ բարեգործութիւն ըրէ՛ք։ Ջանացէ՛ք այս գաւազանը, որ ձեզի շնորհուեցաւ, միշտ խօսուն, կանգուն ու պատուով պահել՝ ի փառս Աստուծոյ, մեր եկեղեցւոյ եւ Ս. Աթոռին պայծառութեան»։ Վերջապէս, Սրբազանը շնորհակալութիւն յայտնեց Նորին Սրբութեան իրեն ընծայած այս պատիւին համար եւ շնորհաւորեց Միաբանութիւնը, ծնողներն ու հաւատացեալ ժողովուրդը:

 

Ս. Պատարագէն ետք, չորս վարդապետներն ու խարտաւիլակ հայր սուրբը, ձեռնադրիչ Սրբազանին առաջնորդութեամբ, բարձրացան Նորին Սրբութեան մօտ, ուր ընծայեալները ստացան անոր Հայրապետական օրհնութիւնն ու բարեմաղթութիւնները։

More News