Ուրբաթ, 2 Օգոստոս 2019-ին, Վեհափառ Հայրապետին այցելեց Վատիկանի դեսպան Կարէն Նազարեան իր տիկնոջ հետ միասին: Դեսպան Նազարեան Հայաստանի Հանրապետութիւնը կը ներկայացնէ նաեւ Մալթայի մօտ:
Այցելութիւնը առիթ մը հանդիսաացաւ, անդրադառնալու յատկապէս Վատիկանի հետ հայ եկեղեցւոյ ու մասնաւորաբար Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան սերտ յարաբերութեան: Ապա, տէր եւ տիկին Նազարեաններ ճաշի հիւրը եղան Նորին Սրբութեան:
Յայտնենք, որ նոյն օրը յաջորդաբար Վեհափառ Հայրապետին այցելեցին ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր Խաչատուրեան եւ Արաբական Միացեալ Էմիրութեանց եւ Քաթարի թեմին երեսփոխանական ժողովի ատենապետ՝ Սեպուհ Մանճիկեանը: