Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻՆ ԱՅՑԵԼԵՑԻՆ ՏԻՒՐԶԻ ՀԱՄԱՅՆՔԻ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԻՉՆԵՐԸ

Ուրբաթ, 26 Յուլիս 2019-ին, Վեհափառ Հայրապետին այցելեց տիւրզի համայնքը ներկայացնող պատուիրակութիւն մը: Այցելութեան նպատակն էր տիւրզի համայնքի հոգեւոր պետ Շէյխ Աքլ Տրուզի անունով՝ Նորին Սրբութիւնը հրաւիրել Երեքշաբթի օր տեղի ունենալիք իսլամ եւ քրիստոնեայ ժողովին:

 

Տիւրզի համայնքի հոգեւոր պետին ողջոյնները փոխանցելով, պատուիրակութիւնը իր գնահատանքը յայտնեց քրիստոնեայ-իսլամ համակեցութեան գծով Վեհափառ Հայրապետին տարած աշխատանքներուն թէ՛ Լիբանանէն ներս եւ թէ Միջին Արեւելեան միջազգային մակարդակներու վրայ: Հայրապետը իր կարգին ըսաւ, թէ փոքր երկագունդին վրայ ազգեր, կրօններ, մշակոյթներ ու երկիրներ, պահելով հանդերձ իրենց ինքնուրոյնութիւնը ու անկախութիւնը, անհրաժեշտ է որ իրարու հետ գործակցին փոխադարձ յարգանքի ու հասկացողութեան մթնոլորտին մէջ:

 

Տիւրզի պատուիրակութիւնը նաեւ իր շնորհակալութիւնը յայտնեց Վեհափառ Հայրապետին, Շուֆի մէջ հաստատուած Ազունիէ հայ հիւանդանոցին կատարած մարդասիրական ծառայութիւնը, առանց կրօնական ու համայնքային խտրութեան: