3 Հուլիսի, 2019

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ՑԱՒԱԿՑՈՒԹԻՒՆ ԿԸ ՅԱՅՏՆԷ ԱՄԷ-Ի ՇԱՐԺԱՅԻ ՇԷՅԽԻՆ

 

 

Չորեքշաբթի, 3 Յուլիս 2019-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս ցաւակցագիր նամակ մը յղեց Արաբական Միացեալ Էմիրութեանց Շարժայի Շէյխ Սուլթան Պըն Մուհամմատ Ալ-Քասիմին` յայտնելով իր խորազգաց ցաւակցութիւնը անոր որդւոյն` Խալետ Պըն Սուլթան Ալ-Քասիմին մահուան առիթով։

 

Ցաւակցագիրին մէջ Նորին Սրբութիւնը ցաւ յայտնեց երիտասարդ տարիքին անակնկալ կերպով հեռացած տաղանդաւոր Ալ-Քասեմի մահուան համար՝ աղօթելով, որ Աստուած օրհնէ եւ զօրացնէ անոր ընտանեկան պարագաները։

More News