28 June, 2019

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ՀԱՆԴԻՊԵՑԱՒ ԿԻՊՐՈՍԻ ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ ՆԱԽԱԳԱՀ ՆԻՔՈՍ ԱՆԱՍԹԱՍԻԱՏԻՍԻ ՀԵՏ

Ուրբաթ, 28 Յունիս 2019-ին, Կիպրոսի մայրաքաղաք Նիկոսիոյ նախագահական ապարանքին մէջ հանդիպում մը տեղի ունեցաւ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին եւ Կիպրոսի նախագահ Նիքոս Անասթասիատիսի միջեւ։ Հանդիպումին Նորին Սրբութեան կողքին ներկայ էին Կիպրոսի Կաթողիկոսական Փոխանորդ Գերշ. Տ. Խորէն Արք. Տողրամաճեան, հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ Յակոբ Բագրատունի, Կիպրոսի հայ համայնքի պետական ներկայացուցիչ Վարդգէս Մահտեսեան եւ Հայրապետին գաւազանակիր Հոգշ. Տ. Յովակիմ Աբղ. Բանճարճեան։

 

Մտերմիկ մթնոլորտի մէջ տեղի ունեցած հանդիպման ընթացքին արծարծուեցան Կիպրոսի հայ համայնքին, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան առաքելութեան, Կիպրոսի ու Հայաստանի յարաբերութեանց հետ կապ ունեցող շարք մը հարցեր։

 

Հայրապետը ողջունեց նախագահին վերընտրութիւնը, որ տեղի ունեցած էր շուրջ տարի մը առաջ եւ որուն նախօրեակին «Կիլիկեան Իշխան»ի շքանշանով պարգեւատրած էր զինք։ Վեհափառ Հայրապետը իր գնահատանքը յայտնեց Կիպրոսի հայութեան նկատմամբ նախագահին ու կառավարութեան զանազան առիթներով ցուցաբերած յատուկ հոգածութեան համար։ Ան նաեւ ընդհանուր գիծերով անդրադարձաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան աշխարհասփիւռ թեմերու, միջ-եկեղեցական յարաբերութեանց ու յատկապէս Կիպրոսի ուղղափառ եկեղեցւոյ հետ սերտ գործակցութեան։

 

Տիար Յակոբ Բագրատունի, իր կարգին, Լիբանանի Հանրապետութեան նախագահին ողջոյնները փոխանցեց Կիպրոսի նախագահին եւ անդրադարձաւ Կիպրոսի, ու Լիբանանի ծովային սահմաններէն ներս քարիւղի ու կազի շտեմարաններու բաժանման ու գործածութեան առնչուած ծրագիրին՝ ընդգծելով Լիբանանի ու Կիպրոսի գործակցութեան կարեւորութիւնը։

 

Նախագահ Անասթասիատիս ջերմօրէն ողջունելով Վեհափառ Հայրապետին այցելութիւնը Կիպրոս, յիշեց իր ունեցած հանդիպումները թէ՛ Կիպրոսի, թէ՛ Անթիլիասի Մայրավանքի եւ թէ Պրիւքսէլի մէջ. ան իր յարգանքն ու գնահատանքը յայտնեց կիպրահայ գաղութին՝ շեշտելով անոր ամուր կապուածութիւնը կղզիին ու անոր արդար դատին։ Այս առիթով նախագահը նաեւ խօսեցաւ կիպրական հարցին մասին, Նորին Սրբութեան ու անոր ընկարակցող պատուիրակութեան հետ բաժնելով իր տեսակէտներն ու մտահոգութիւնները։

 

Հանդիպման աւարտին, Հայրապետը Ս. Գրիգոր Նարեկացիի «Նարեկ» աղօթամատեանի հնագոյն ձեռագիրին կրկնօրինակը նուիրեց նախագահին։

More News