18 Հունիսի, 2019

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ԳԱՐԱԿԷՕԶԵԱՆ ՀԱՍՏԱՏՈՒԹԵԱՆ ՏՆՕՐԷՆԸ ԵՒ ՀԱՒԱՏԱՑԵԱԼՆԵՐ ՖՐԱՆՍԱՅԷՆ

ա. Երեքշաբթի, 18 Յունիս 2019-ին, Պիքֆայայի Սուրբ Աստուածածին Վանքի Վեհարանին մէջ, իր աշխատանքային հանդիպումներու ծիրին մէջ, Վեհափառ Հայրապետը ընդունեց այցելութիւնը Գարակէօզեան բարեսիրական հաստատութեան տնօրէն Սերոբ Օհանեանին: Ան տեղեակ պահեց Նորին Սրբութիւնը հաստատութեան բարեսիրական, ընկերային ու առողջապահական գործունէութեան, ինչպէս նաեւ յառաջիկայ ծրագիրներուն մասին: Վեհափառ Հայրապետը իր գնահատանքը յայտնեց մօտէն իմանալով հաստատութեան հետզհետէ ծաւալող աշխատանքը հայահոծ շրջաններէն ներս:

 

Այս առիթով կը յայտնէ Հայրապետը նաեւ իր հայրական գնահատանքը յայտնեց Լիբանանահայ Օգնութեան Միութեան, Բարեգործականին, Ճինիշեանին, Զուարթնոցին, ինչպէս նաեւ մեր բարեսիրական այլ միութիւններու աշխատանքներուն, որոնք իրենց կարելին կը կատարեն հասնելու մեր ժողովուրդի կարիքաւոր զաւակներուն:

 

բ. Վեհափառ Հայրապետին այցելեցին Հայկազեան համալսարանի նախագահ Վեր. Փօլ Հայտոսթեանի եւ Ֆրանասայէն Վեր. Ժիլպէր Լեւոնեանի գլխաւորութեամբ Ֆրանսայէն Հայ Աւետարանական համայնքի պատկանող հաւատացեալներ:

 

Նորին Սրբութիւնը ընդառաջելով անոնց հետաքրքրութիւններուն ու հարցումներուն՝ անհրաժեշտ բացատրութիւններ տուաւ Հայ Եկեղեցւոյ ու անոր աստուածաբանութեան եւ միջ-եկեղեցական շարժումին մասին: Հիւրերը նաեւ շրջեցան Ս. Աստուածածին Վանքի զանազան բաժանմունքները եւ ապա ուղղուեցան Անթիլիասի Մայրավանք:

 

գ. Առաւօտուն, Վեհափառ Հայրապետը Դպրեվանքի տեսուչ Հոգշ. Տ. Պօղոս Վրդ. Թինքճեանի եւ Ս. Աստուածածին Վանքի վերահսկիչ Հոգշ. Տ. Շնորհք Վրդ. Աշըգեանի ընկերակցութեամբ այցելեց Պիքֆայայի վանքէն ներս շինարարութեան ընթացքի մէջ գտնուող եպիսկոպոսներու եւ հիւրերու յատուկ շէնքը, ինչպէս նաեւ Դպրեվանքի դաշտը ու մուտքը եւ ուրախութեամբ հաստատեց, որ շինութիւնները լայն չափով յառաջացած են եւ շուտով անոնց բացումը պիտի կատարուի:

 

More News